Մէկ դրօշ, բայց ի՞նչ կը նշանակէ «համահայկական»-ը
- (0)

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
Վերջերս «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ, «Մէկ հանրապետութիւն, մէկ ազգ, մէկ դրօշ» խորագիրով յօդուածիս մէջ անդրադարձայ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշին“ որպէս ամբողջ հայ ազգը միաւորող խորհրդանիշի: Անկախ անկէ, թէ հայը կ՛ապրի Երեւանի, Պէյրութի, Լոս Անճելըսի, Մոսկուայի, Փարիզի կամ Պուէնոս Այրեսի մէջ, եռագոյնը կը շարունակէ մնալ բոլորիս ընդհանուր ազգային դրօշը:
Սակայն մէկ դրօշ ունենալը դեռ չի նշանակեր, թէ մենք մէկ եւ նոյն քաղաքական իրականութիւնն ենք, կամ թէ` գոյութիւն ունի այն, ինչ յաճախ կը կոչենք «համահայկական»:
Տարիներ շարունակ «համահայկական»-ը դարձած է գեղեցիկ ու ոգեւորիչ բառ մը, որ իբր թէ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի հայեցակէտերը կը համախմբէր: Սակայն իրականութեան մէջ ան աւելի շատ ազգային ձգտում մըն էր, քան` գոյութիւն ունեցող քաղաքական իրականութիւն: Հազուադէպօրէն մտածեցինք, թէ արդեօք այդպիսի իրականութիւն իսկապէս գոյութիւն ունի՞:
Իրականութիւնը այն է, որ հայ ազգը մէկ է, բայց միատեսակ չէ: Այսօր մօտաւորապէս հայութեան միայն մէկ երրորդը կ՛ապրի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Անգամ Հայաստանի մէջ ապրողներուն ակնկալութիւններն ու ապագայի պատկերացումներն ալ տարբեր են: Ոմանք իրենց ապագան կը կապեն հայրենիքին հետ, մինչդեռ ուրիշներ, եթէ առիթը ունենան, կը նախընտրեն արտագաղթել: Հանրապետութեան քաղաքացիներն ալ միակարծիք չեն: Ոմանք կը վստահին գործող իշխանութեան, ուրիշներ կտրուկ ընդդիմադիր են, իսկ ուրիշներ քաղաքական կեանքէն հեռացած են: Աւելի՛ն. Հայաստանի տարբեր շրջաններու բնակիչներն ալ տարբեր փորձառութիւններ եւ առաջնահերթութիւններ ունին: Սիւնիքի բնակիչին մտահոգութիւնները բնականաբար կրնան տարբեր ըլլալ Գիւմրիի կամ Երեւանի բնակիչին մտահոգութիւններէն: Ինչպէս ամէն ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ, քաղաքական տարբերութիւնները բնական երեւոյթ են:
Սփիւռքն ալ միասնական ամբողջութիւն մը չէ, ինչպէս բազմիցս հաստատուած է: Կան` Ցեղասպանութենէն ետք կազմաւորուած համայնքներ, խորհրդային տարիներուն արտագաղթածներ, անկախութենէն ետք հայրենիքէն հեռացածներ, խառն ամուսնութիւններէ ծնած սերունդներ, հայերէն չխօսող հայեր, ինչպէս նաեւ` նոր ներգաղթած ընտանիքներ: Անոնց փորձառութիւնները, առաջնահերթութիւնները եւ երբեմն նոյնիսկ Հայաստանէն ունեցած ակնկալութիւնները տարբեր են: Նոյնքան անհիմն է նաեւ առանց համազգային համաձայնութեան պնդել, թէ «Սփիւռքը ժամանակաւոր է» կամ թէ անոր վերջնական նպատակը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է:
Հետեւաբար ո՛չ Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ կառավարութիւն, ո՛չ ալ սփիւռքի որեւէ կուսակցութիւն, եկեղեցի կամ կազմակերպութիւն կրնայ ինքնաբերաբար խօսիլ ամբողջ հայ ազգին անունով կամ սահմանել, թէ ի՛նչ է «համահայկական» տեսակէտը: Այսօր գոյութիւն չունին այն համազգային գործընթացներն ու կառոյցները, որոնց միջոցով ամբողջ հայութիւնը կրնայ օրինական կերպով ձեւաւորել ընդհանուր դիրքորոշումներ: Ասիկա, սակայն, չի նշանակեր, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան միջեւ գոյութիւն չունին ընդհանուր ազգային հարցեր: Ընդհակառակը, կը նշանակէ, որ տակաւին չենք ճշդած, թէ ո՛ր խնդիրները կը վերաբերին հանրապետութեան քաղաքացիներուն, եւ որոնք` ամբողջ հայ ազգին: Մինչ այդ տարբեր դերակատարներ պիտի շարունակեն «համահայկական»-ը սահմանել իրենց սեփական տեսանկիւններէն, այնքան ատեն որ գոյութիւն չունի Հայաստանի եւ սփիւռքի բազմազան ձայները ներառող վստահելի համազգային քննարկման գործընթաց մը:
Ասիկա մեր պատմութեան բնական հետեւանքն է: Դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը ապրեցաւ առանց պետականութեան եւ աշխարհով մէկ սփռուած վիճակի մէջ: Եթէ ԺԹ. դարու հայկական ազգային Զարթօնքը եւ անոր յաջորդած ազգային-ազատագրական պայքարը չձեւաւորէին ժամանակակից հայկական ազգային գիտակցութիւնը, որ ի վերջոյ իր քաղաքական արտայայտութիւնը գտաւ 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումով, այսօր մեր ճակատագիրը թերեւս բոլորովին այլ ըլլար: Հաւանաբար մենք ալ կը կազմէինք մէկը տարածաշրջանի այն բազմաթիւ ժողովուրդներէն, որոնք պահպանած են իրենց ինքնութիւնը, բայց չեն վերածուած ինքնուրոյն քաղաքական ազգի: Մեր ազգային միասնութիւնը պահպանուեցաւ` լեզուով, մշակոյթով, Եկեղեցիով, դպրոցներով, կուսակցութիւններով եւ համայնքային կեանքով: Սակայն այդ բոլորը, որքան ալ` կարեւոր, տակաւին չեն կազմած համահայկական քաղաքական համայնք մը:
Վերջերս Վերա Եագուպեան իր «Մէկ ազգ, բայց մէ՞կ համակարգ» յօդուածին մէջ ուշադրութիւն կը հրաւիրէր այն փաստին վրայ, որ «Հայաստան-սփիւռք համակարգ» գաղափարը յաճախ աւելի շատ կարգախօս է, քան` հաստատութենական իրականութիւն: Այս յօդուածը նոյն քննարկումին կը մօտենայ այլ տեսանկիւնէ. նախքան համակարգի մասին խօսիլը, արժէ հարց տալ, թէ արդեօք գոյութիւն ունի՞ այն համահայկական քաղաքական համայնքը, որ կրնայ նման համակարգի հիմքը կազմել:
Ահա թէ ինչո՛ւ «համահայկական»-ը պէտք չէ հասկնալ որպէս արդէն գոյութիւն ունեցող իրականութիւն: Ան նպատակ մըն է, որ տակաւին կառուցման կարիք ունի: Անիկա չի ստեղծուիր կարգախօսներով, այլ երկխօսութեամբ, դիպուկ փոխադարձ յարգանքով եւ այնպիսի գործընթացներով, որոնք աշխարհի տարբեր ծագերու հայերուն հնարաւորութիւն կու տան լսելու զիրար, հասկնալու զիրար եւ աստիճանաբար ձեւաւորելու եւ հետապնդելու ընդհանուր ազգային շահերը:
Այդպիսի համաձայնութիւնը չի նշանակեր ամբողջական միատեսակութիւն, այլ կը վերաբերի այն սակաւաթիւ սկզբունքներուն, որոնց շուրջ կարելի է ձեւաւորել ընդհանուր հիմք: Օրինակ` կարելի է պատկերացնել, որ համազգային նուազագոյն համաձայնութիւնը ներառէ` Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան պահպանման եւ ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան յիշողութեան եւ արդարութեան պահանջի շարունակականութիւնը, հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ` աշխարհասփիւռ հայութեան միջեւ կապերու ամրապնդումը: Այսպիսի սկզբունքներ կրնան ծառայել որպէս ընդհանուր հենք` առանց պարտադրելու քաղաքական միատեսակութիւն:
Անշուշտ նման փորձեր եղած են: Անկախութենէն ետք Հայաստանի մէջ կազմակերպուած համահայկական համաժողովները այդ ուղղութեամբ առաջին քայլերէն էին: Սակայն անոնք չվերածուեցան շարունակական, վստահելի եւ ամբողջ ազգը ներգրաւող գործընթացներու: Յաճախ անոնք աւելի հանդիսաւոր եւ խորհրդանշական բնոյթ ունեցան, քան դարձան իրական համազգային խորհրդակցութեան եւ համագործակցութեան հարթակներ:
Նոյն հարցը կարելի է ուղղել նաեւ մեր ժառանգած համազգային կառոյցներուն եւ պատմական փաստաթուղթերուն: 1860-ի հայոց ազգային սահմանադրութիւնը իր ժամանակին բացառիկ ձեռքբերում մըն էր եւ մինչեւ այսօր իր հետքը կը պահպանէ, մասնաւորաբար` մեր եկեղեցական ու համայնքային կառոյցներուն մէջ: Սակայն ան ստեղծուած էր բոլորովին տարբեր պատմական պայմաններու տակ եւ տարբեր հայկական իրականութեան մը համար: Արժէ հարց տալ, թէ արդեօք այդ ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ հետագայ համահայկական նախաձեռնութիւնները կը բաւարարե՞ն 21-րդ դարու աշխարհասփիւռ հայութեան կարիքները: Այդ հարցին արժէ առանձին անդրադառնալ:
Համազգային միասնութիւնը չի նշանակեր, որ բոլորս նոյն կերպ մտածենք կամ նոյն քաղաքական համոզումները ունենանք: Ան նաեւ չի նշանակեր, որ ամբողջ հայութիւնը պէտք է ունենայ մէկ գաղափարախօսութիւն կամ մէկ քաղաքական ծրագիր: Այդ ո՛չ իրատեսական է, ո՛չ ալ անհրաժեշտ: Ան կը նշանակէ, որ մեր բոլոր տարբերութիւններուն մէջ կարենանք ճանչնալ եւ սերունդէ սերունդ վերահաստատել այն սակաւաթիւ հիմնարար սկզբունքները, որոնք մեզ կը պահեն մէկ ազգ` անկախ մեր քաղաքացիութենէն, բնակութեան վայրերէն կամ քաղաքական համոզումներէն: Այդ հիմքէն անդին` բնական է, որ տարբեր կարծիքներ գոյութիւն ունենան եւ շարունակեն քննարկուիլ:
Այս առումով, արժէ վերադառնալ 2015-ին` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով ընդունուած Համահայկական հռչակագիրին (29 յունուար 2015): Ան պատմականօրէն կարեւոր փաստաթուղթ մըն էր, քանի որ առաջին անգամ հանդէս եկաւ որպէս Հայաստանի եւ սփիւռքի միասնական կամքի ու իրաւական պահանջներու համատեղ արտայայտութիւն: Ան փորձեց վերահաստատել` մեր հաւաքական յիշողութիւնը, արդարութեան պահանջն ու համազգային յանձնառութիւնը: Սակայն հռչակագիրը հիմնականօրէն կ՛անդրադառնար մեր պատմական իրաւունքներուն եւ ազգային յիշողութեան: Ան շատ աւելի քիչ կ՛անդրադառնար այն հարցին, թէ իբրեւ վերապրած ու այժմ անդրազգային ժողովուրդ` ինչպիսի՛ ազգ կ՛ուզենք դառնալ 21-րդ դարուն, եւ որո՛նք են այն հիմնարար սկզբունքները, որոնք կրնան համախմբել աշխարհասփիւռ հայութիւնը` հակառակ իր բազմազանութեան:
Եթէ ընդունինք, որ հայութիւնը մէկ, բայց միաժամանակ բազմազան ու անդրազգային իրականութիւն է, ապա բնականօրէն կը ծագի յաջորդ հարցը. ո՞ր հարցերուն շուրջ որոշելու առաջնային իրաւասութիւնը կը պատկանի Հայաստանի քաղաքացիներուն, եւ ո՞ր հարցերը կը պահանջեն աւելի լայն համազգային քննարկում: «Համահայկական»-ի իրական իմաստը չի կրնար ըլլալ, որ բոլորը ամէն հարցի շուրջ նոյն որոշումը տան: Անոր իմաստը նախ եւ առաջ այն ազգային խնդիրները տարբերելն է, որոնք կը վերաբերին ամբողջ հայ ազգին, եւ ստեղծել վստահելի գործընթացներ, որոնց միջոցով ընդհանուր սկզբունքներ եւ առաջնահերթութիւններ կրնան աստիճանաբար ձեւաւորուիլ:
Թերեւս այժմ ժամանակն է այդ ազգային զրոյցը սկսելու: Ոչ թէ անցեալը մոռնալու, այլ` անոր վրայ ապագայ կառուցելու: Ոչ թէ համազգային միատեսակութիւն ստեղծելու, այլ` համաձայնութեան հասնելու այն հիմնարար արժէքներուն, առաջնահերթութիւններուն եւ փոխադարձ պատասխանատուութիւններուն շուրջ, որոնք կրնան ուղղութիւն տալ թէ՛ հանրապետութեան, թէ՛ աշխարհասփիւռ հայութեան` առանց մէկուն շահերը միւսին ենթարկելու: Միայն այդ ժամանակ «համահայկական»-ը կրնայ վերածուիլ ոչ միայն ազգային ձգտումի, այլեւ` ապրող քաղաքական իրականութեան: Թերեւս միայն այդ ժամանակ պիտի սկսինք հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ անդրազգային ազգ մը ձեւաւորել եւ հետապնդել իր ընդհանուր ազգային շահերը: