Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ընդունեց Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումի մասնակիցները

ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումի մասնակիցները՝ ընդգծելով ազգային միասնութեան եւ համազգային շահերուն անսակարկ ծառայութեան անհրաժեշտութիւնը։

Անդրադառնալով հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն՝ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ սիրով, միաբանութեամբ եւ համախմբուած ջանքերով կարելի է յաղթահարել առկայ փորձութիւնները եւ կերտել խաղաղ, ապահով ու բարօր հայրենիք։

Նորին Սրբութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց հայրենիքի մէջ աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդներու համախմբման, ինչպէս նաեւ բանակումի ծիրին մէջ կազմակերպուող կրթական, մշակութային եւ հոգեւոր ծրագիրներուն առիթով։ Ան կարեւոր նկատեց հայրենաճանաչութեան նման նախաձեռնութիւնները, որոնք կը զօրացնեն երիտասարդներուն ազգային գիտակցութիւնն ու հայրենիքին ծառայելու պատրաստակամութիւնը։

Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն, բանակումի կազմակերպիչներուն եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն՝ երիտասարդ սերունդի ազգային ու հոգեւոր դաստիարակութեան գործին իրենց բերած ծառայութեան համար։

Չորս տարին անգամ մը կազմակերպուող բանակումին այս տարի կը մասնակցին շուրջ 900 սկաուտներ՝ աշխարհի 26 երկիրներէ։