Փութին կրկին պահանջած է հանրաքուէ կազմակերպել՝ ԵՄ-ին միանալու կամ ԵԱՏՄ-ի կազմին մէջ մնալու հարցով
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ առաջին անգամ Յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք։
Պաշտօնական Երեւանի հաղորդմամբ՝ կողմերը քննարկած են Հայաստան–Ռուսիա յարաբերութիւններու օրակարգը, յատկապէս՝ երկկողմ տնտեսական կապերուն մէջ ծագած խնդիրները։ Փաշինեան նշած է, որ հայկական ծագում ունեցող ապրանքներու ռուսական շուկայ արտահանման սահմանափակումները կը հակասեն երկկողմ պայմանագիրներուն եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան կանոնակարգերուն՝ կոչ ուղղելով համապատասխան քայլերու ձեռնարկելու։
Քրեմլինի համաձայն՝ Փութին վերահաստատած է Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ուղղութեամբ քայլերուն վերաբերող ԵԱՏՄ երեք երկիրներու ղեկավարներու Մայիս 29-ի համատեղ յայտարարութիւնը։ Ան ընդգծած է Հայաստանի մէջ կարելի եղածին չափ շուտ համազգային հանրաքուէ կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը՝ ԵՄ-ին միանալու կամ ԵԱՏՄ-ի կազմին մէջ մնալու հարցով։
Փաշինեան պատասխանած է, որ նման հանրաքուէ գործնականօրէն կարելի է կազմակերպել միայն այն ատեն, երբ Հայաստան ԵՄ-ին անդամակցելու պաշտօնական դիմում ներկայացնէ եւ հարցը առարկայական հանգրուան մտնէ։ Ան նաեւ յայտնած է, որ Երեւան պատրաստ է հարցերը լուծելու բաց եւ գործընկերային երկխօսութեամբ։
Յատկանշական է, որ Մոսկուա մինչեւ օրս չէ շնորհաւորած Փաշինեանը կամ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արձանագրած յաղթանակին առիթով։