Նարեկ Կարապետեանի նկատմամբ սահմանուեցաւ 1 միլիառ դրամի գրաւ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան ընտրական ցուցակը գլխաւորող Նարեկ Կարապետեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց սահմանուած են երկրէն բացակայելու արգելք եւ 1 միլիառ դրամի չափով գրաւ, յայտնած է Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը։
Դատախազութիւնը գործին վերաբերող յաւելեալ մանրամասնութիւններ չէ հրապարակած՝ նշելով, որ անոնք կը վերաբերին նախաքննութեան ընթացքին։
Յուլիս 22-ին Կարապետեանի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած էր՝ բռնութեան կամ սպառնալիքի միջոցով անձեր քաղաքական հաւաքներու մասնակցութեան հարկադրելու, ինչպէս նաեւ առանձնապէս խոշոր չափերով դրամի լուացման մեղադրանքներով։
Աւելի կանուխ, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը համաձայնութիւն տուած էր Կարապետեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում իրականացնելու եւ մեղադրանք առաջադրելու հարցով, սակայն մերժած էր զայն կալանաւորելու մասին Դատախազութեան միջնորդութիւնը։