Յոբելենական հանդիսութիւն Թորոնթոյի մէջ՝ նուիրուած Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն արքեպիսկոպոս Չարեանի ծառայութեան ամեակներուն

Ուրբաթ, 17 Յուլիս 2026-ին, նախաձեռնութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ եւ հովանաւորութեամբ Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Հռիփ Թոգմաքճեաններուն, Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնէն ներս արժանավայել կերպով նշուեցան Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի Քահանայական Ձեռնադրութեան եւ Օծման 42-րդ, Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութեան եւ Օծման 20-րդ, ինչպէս նաեւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդութեան 10-րդ ամեակները։

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Թեմիս Հոգեւոր Հայրերը, Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Համայնքի Հովիւ՝ Վերապատուելի Զօհրապ Սարգիսեանը, Օնթարիոյ Նահանգի Հայազգի Երեսփոխան՝ Տիար Արիս Պապիկեանը, քաղաքական դէմքերու ներկայացուցիչներ, Ազգային Վարչութեան եւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի անդամները, ազգային կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդի բազմաթիւ զաւակներ։

Սրբազան համերգը սկիզբ առաւ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ «Մեղրիկ Բարիքեան» Կրտսերաց Դպրաց Դասի կողմէ կատարուած Տէրունական Աղօթքի երգեցողութեամբ։

Ապա, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամ՝ Բրշ. Տոքթ. Գրիգոր Սրկ. Պէպէճեան, որ իր ողջոյնի խօսքին մէջ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ նշեց, թէ կազմակերպուած յոբելենական այս հանդիսութիւնը երախտագիտութեան արտայայտութիւն մըն է Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր նկատմամբ, որ իր տեսլականով, նուիրումով եւ հայրական հոգատարութեամբ համախմբած ու զօրացուցած է համայնքը՝ նպաստելով Թեմի հոգեւոր, ազգային եւ կրթական կեանքի զարգացման, միշտ ի փառս Աստուծոյ եւ ի բարօրութիւն հայ ժողովուրդին։

Բացման խօսքէն ետք, բեմ բարձրացան Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ «Մեղրիկ Բարիքեան» կրտսերաց դպրաց դասն ու «Ազնաւորեան» դպրաց դասը, որոնք իրենց հոգեպարար երգեցողութեամբ հանդիսաւոր մթնոլորտ մը ստեղծեցին։

Զոյգ Դպրաց Դասերու ելոյթէն ետք, ուղերձով հանդէս եկաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեան, որ ներկայացուց Սրբազան Հօր կեանքի եւ ծառայութեան հարուստ ուղին՝ Դպրեվանքի տարիներէն մինչեւ Լիբանան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Միացեալ Նահանգներ, Սուրիա, Իրան եւ ապա Գանատա, ուր ան միշտ ծառայած է նոյն նուիրումով՝ ի սպաս Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին։ Տէր Հայրը յատկապէս շեշտեց Սրբազան Հօր հովուական, կրթական, ազգային եւ եկեղեցաշինութեան վաստակը, անոր մշտական զօրակցութիւնը Հայաստանին ու Արցախին, ինչպէս նաեւ այն առաջնորդական տեսլականը, որով վերջին տասը տարիներուն հարստացուց Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւոր, կրթական եւ համայնքային կեանքը։ Իր խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց Յոբելեար Սրբազան Հայրը՝ մաղթելով առողջութիւն, երկար ու արդիւնաւէտ տարիներ եւ Աստուծոյ առատ օրհնութիւնը՝ շարունակելու իր նուիրական առաքելութիւնը։

Այնուհետեւ, խօսք առաւ Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի հայազգի անդամ՝ Տիար Արիս Պապիկեան, որ իր կարգին շնորհաւորեց Սրբազան Հօր։ Ան նաեւ փոխանցեց Օնթարիոյի Վարչապետ՝ Տակ Ֆորտի ջերմ բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորական գիրը՝ յոբելենական այս նշանակալից առիթին։

Ապա, սկիզբ առաւ Սրբազան համերգի երկրորդ բաժինը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ փունջ մը Հայ Եկեղեցւոյ հնագոյն շարականներէն՝ արդի գործիքաւորումներով, սակայն պահպանելով անոնց աւանդական ոգին, հնութիւնն ու արժէքը։

Ութ շարականներուն գործիքաւորումները կատարած էր Մայէսթրօ Արմէն Ամիրխանեան, իսկ զանոնք մեկնաբանեցին՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, Արժ. Տ. Նշան Քհնյ. Մանուկեան, Բրշ. Գէորգ Սրկ. Գատէհճեան եւ սիրուած ու հանրածանօթ երգիչ՝ Էլի Պէրպէրեան։

Ապա, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կողմէ շնորհաւորական խօսք արտասանեց Վերապատուելի Զօհրապ Սարգիսեան։

Հանդիսութեան աւարտին, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերապատիւ Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան բեմ հրաւիրեց հանդիսութեան մասնակիցներն ու Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամները, եւ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին ու հաւատացեալ ժողովուրդին անունով, Սրբազան Հօր նուիրեց ոսկեզօծ Առաջնորդական գաւազան մը՝ մաղթելով, որ Սրբազան Հօր առաջնորդական ասան միշտ ծաղկեալ մնայ եւ շարունակէ իր օրհնաբեր առաքելութիւնը։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքը փոխանցեց ներկաներուն. Ան ըսաւ. «Այս պահուն սիրտս խոր յուզումով եւ երախտագիտութեան զգացումներով կը լեցուի, երբ կը նշուին իմ ծառայական կեանքի տարբեր հանգրուաններու ամեակները։ Նախ եւ առաջ փառք եւ գոհութիւն կը վերառաքեմ առ Ամենակալ եւ Ամենաբարի Աստուած, որ Իր անսահման ողորմութեամբ կանչեց ու առաքեց զիս, զօրացուց ինծի եւ արժանի դարձուց ծառայելու Իր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդին։

Ամեակները պարզապէս թիւեր չեն. անոնք ծառայական կեանքի հանգրուաններ են, արժեւորման առիթներ են, միաժամանակ նաեւ կամքերը պրկելու եւ նոյն հաւատքով ու սիրով ծառայութիւնը շարունակելու կոչ՝ հաւատարիմ մնալով Աստուծոյ, շարունակելով մեր հայրերուն ուղին, պաշտպանելով մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքները եւ պահպանելով մեր ինքնութիւնը անաղարտ պահող արժէքները՝ յանուն գալիք սերունդներուն։

Այս ամեակները ինծի համար նաեւ ուխտի վերանորոգման առիթ են։ Այս պահուն դարձեալ կը նորոգեմ իմ ուխտը՝ շարունակելու ծառայել Աստուծոյ, Հայ Եկեղեցւոյ եւ մեր սիրելի ժողովուրդին՝ նոյն հաւատքով, նոյն սիրով, նոյն պատրաստակամութեամբ եւ նոյն յանձնառութեամբ»։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի միահամուռ երգեցողութեամբ յոբելենական հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ։

Այս առիթով, մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Կազմակերպիչ Յանձնախումբի անդամներուն եւ մեր բոլոր կամաւորներուն, որոնք անձնուէր ծառայութեամբ մեծապէս նպաստեցին յոբելենական այս հանդիսութեան փայլուն յաջողութեան։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ