«Haaretz»․ Ատրպէյճանի ճնշումով Քնեսեթի օրակարգէն հանուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.— Իսրայէլի Քնեսեթին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով նախատեսուած քուէարկութիւնը օրակարգէն հանուած է Ատրպէյճանի գործադրած ճնշումին հետեւանքով, կը հաղորդէ իսրայէլեան «Հաարէց» օրաթերթը՝ վկայակոչելով իրազեկ աղբիւրներ։

Ըստ պարբերականին՝ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահու արգելափակած է արտաքին գործոց նախարար Գիտէոն Սաարի առաջարկած քուէարկութիւնը, երբ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Հիքմէթ Հաճիեւ կապ հաստատած է վարչապետի գրասենեակին հետ։

Իսրայէլի կառավարութիւնը այնուհետեւ Պաքուի պաշտօնատարներուն տեղեկացուցած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող հարցը հանուած է Քնեսեթի օրակարգէն։

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, պատասխանելով «Haaretz»-ի հարցումներուն, հերքած է, որ քուէարկութեան չկայացումը Նեթանիահուի միջամտութեան հետեւանքն էր, սակայն այլ բացատրութիւն չէ ներկայացուցած։ Սաար իր կարգին միայն յիշեցուցած է, որ կառավարութիւնը հարցին շուրջ միաձայն որոշում ընդունած էր՝ առանց պարզաբանելու, թէ ինչո՛ւ նախաձեռնութիւնը այդպէս ալ Քնեսեթի քուէարկութեան չներկայացուեցաւ։

Ատրպէյճանական Haqqin.az կայքը շուրջ տասը օր առաջ եւս հաղորդած էր, որ Իսրայէլ «նկատի առած է» Պաքուի մտահոգութիւնները։ Կայքը, իր աղբիւրներուն յղում կատարելով, պնդած էր, որ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը փոխանցուած է իսրայէլացի պաշտօնատարներուն, որոնք իրենց կարգին արգելափակած են նախաձեռնութիւնը։ Հրապարակումին համաձայն՝ Պաքու փորձած է ոչ միայն այժմ կասեցնել որոշումը, այլեւ կանխել անոր ապագայ վերարծարծումը։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս պաշտօնապէս դատապարտած էր Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումը՝ պահանջելով վերատեսութեան ենթարկել զայն։ Պաքու պնդած էր, որ որոշումը կը խեղաթիւրէ 1915-ի իրադարձութիւններուն վերաբերող «պատմական փաստերը» եւ կրնայ վնասել տարածաշրջանային հաշտութեան ու կայունութեան ջանքերուն։

«Haaretz» նաեւ կը մատնանշէ, որ Քնեսեթի քուէարկութեան կասեցումէն ետք Պաքու Իսրայէլին ուղղուած նոր քաղաքական ազդանշան մը տուած է՝ Պաղեստինի վարչապետ Մոհամմատ Մուսթաֆան հիւրընկալելով Ատրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ։ Հանդիպումէն ետք Ատրպէյճանի նախագահականը վերահաստատած է իր աջակցութիւնը Արեւելեան Երուսաղէմը մայրաքաղաք ունեցող պաղեստինեան պետութեան ստեղծման՝ քաղաքը անգլերէն հաղորդագրութեան մէջ կոչելով «Ալ-Քուտս ալ-Շարիֆ»։

Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ Իսրայէլ վերջին տարիներուն Ատրպէյճանը նկատած է տարածաշրջանային եւ միջազգային իր կարեւորագոյն գործընկերներէն մէկը։ Հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան ընթացքին Թել Աւիւ Պաքուին մեծ քանակութեամբ սպառազինութիւն մատակարարած էր։ CNN-ը վերջերս նաեւ հաղորդած էր, որ Իրանի դէմ իսրայէլեան ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին Իսրայէլ յատուկ նշանակութեան ուժեր ուղարկած էր Ատրպէյճան։

Իսրայէլի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման նախորդ բոլոր փորձերը ձախողած են։ Վերջին նախաձեռնութիւնը հրապարակ եկած էր Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ խորացող լարուածութեան պայմաններուն մէջ, երբ Անգարա Նեթանիահուի կառավարութիւնը կը մեղադրէր Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն իրականացնելու համար։

Հայաստանի իշխանութիւնները զուսպ արձագանգած էին հարցին շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն։ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ Երեւան անհրաժեշտ չի նկատեր արձագանգել՝ պնդելով, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան «զէնքի վերածման» գործընթացին մէջ չներքաշուիլը կը բխի Հայաստանի Հանրապետութեան շահերէն։