Ռոպերթ Քոչարեան պիտի չստանձնէ պատգամաւորական լիազօրութիւնը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան պիտի չստանձնէ Ազգային ժողովի պատգամաւորական լիազօրութիւնը։ «Հայաստան» դաշինքի թեկնածու Ագնեսա Խամոյեան յայտնած է, որ Քոչարեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին արդէն ներկայացուցած է ինքնաբացարկի դիմումը։
Դաշինքը իր 12 աթոռները պիտի ստանձնէ նախընտրական ցուցակի հերթականութեան համաձայն։ Ցուցակը գլխաւորող Քոչարեանի հրաժարումէն ետք խորհրդարան մուտք պիտի գործէ ցուցակի 13-րդ թեկնածու, Երեւանի աւագանիի «Մայր Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Մեսրոպ Մանուկեան։
«Հայաստան» դաշինքը Ազգային ժողովին մէջ պիտի ներկայացնեն Իշխան Սաղաթէլեան, Աննա Գրիգորեան, Սեւակ Խաչատրեան, Արթուր Խաչատրեան, Քրիստինէ Վարդանեան, Աղուան Վարդանեան, Գեղամ Մանուկեան, Ագնեսա Խամոյեան, Լեւոն Քոչարեան, Արթուր Սարգսեան, Լիլիթ Գալստեան եւ Մեսրոպ Մանուկեան։
Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներով՝ «Հայաստան» դաշինքը ստացած էր 144 հազար 983 քուէ՝ ապահովելով 12 աթոռ։ Սահմանադրական դատարանը Յուլիս 4-ին ուժի մէջ ձգած էր Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի որոշումը։