Թորոնթոհայութեան նորահաստատ կառոյցը անուանակոչուեցաւ «Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոն»
- (0)

Ծրագիրին իրականացման ի խնդիր հանգանակային արշաւը կը շարունակուի
ԹՈՐՈՆԹՕ — Աճող, պայքարող եւ գոյատեւող թորոնթոհայ գաղութը անգամ մը եւս վերահաստատեց ապագայի հանդէպ իր ունեցած տեսլականը՝ հայ մնալու, ապրելու եւ գոյատեւելու ի խնդիր։
Շաբաթ, 4 յուլիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող բոլոր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ թորոնթոհայ պատկառելի բազմութեան մը ներկայութեամբ, նոր ձեռք բերուած «Նարեկ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանգանակային երեկոյ մը։
Օրուան հանդիսավար եւ հանգանակային արշաւի յանձնախումբի ատենապետ Ռազմիկ Թիթիզեան, ողջունելէ ետք ներկաները, յայտնեց. «Նախանցեալ տարի վարժարանի ընդլայնման ծրագիրը այսօր փոխարինուած է նոր կեդրոնի գնման աշխատանքով, որուն համար տեղի կ՚ունենայ սոյն հանգանակային արշաւը»։
ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Գառնիկ Հասըրճեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ ըսաւ. «Այս երեկոյին ընդմէջէն դուք ոչ միայն պիտի տեսնէք աւարտական աշխատանքները՝ դիտելով դասարանները, գրասենեակներն ու սրահները, այլեւ պիտի դառնաք վկաները մեր զաւակներուն, երիտասարդութեան, միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն համար ստեղծուած հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ այն սերունդներուն, որոնք տարիներ եւ տասնամեակներ ետք այս վայրը իրենց հարազատ տունը պիտի կոչեն»։ Ապա ան յայտարարեց. «Շէնքը կը ստանայ “Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոն” անունը՝ ի պատիւ Գրիգոր Նարեկացիին, որ խորհրդանիշն է իմաստութեան, ստեղծագործութեան եւ հոգեւոր ժառանգութեան»։ Աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան այս շէնքի գնման եւ սոյն երեկոյի կազմակերպման։
ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի 2008 տարեշրջանի շրջանաւարտ եւ ներկայիս կրթական մարմնի անդամ Կառնի Թաթիկեան, խօսք առնելով, ողջունեց ներկաները եւ պատմական յետադարձ ակնարկով մը անդրադարձաւ վարժարանի հիմնադրութեան՝ 1979 թուականին, երբ ան կը հաշուէր մօտաւորապէս 75 աշակերտ։ Ապա նշեց նոր շէնքին ընձեռած հնարաւորութիւնները՝ ըսելով. «Նոր շէնքը պիտի տրամադրէ մասնագիտական, արդիական եւ ուսումնական սենեակներ, ինչպէս նաեւ մետիայի, արուեստի եւ մարզանքի յատուկ տարածքներ»։ Թաթիկեան իր խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով. «Այս երեկոն ունի բազմաթիւ նպատակներ՝ դրամահաւաք, միասնական աշխատանք, նոր շէնքի ծանօթացում, ինչպէս նաեւ հրաւէր՝ ուղղուած իւրաքանչիւր անդամի, որպէսզի իր կարողութեան սահմաններուն մէջ նպաստէ նոր շէնքի ծրագիրներուն»։
Անկէ ետք հանդիսավար Ռազմիկ Թիթիզեան ներկայացուց հանգանակային արշաւի յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրը, որ կը ներառէ երկու մեծ ծրագիրներ՝ 211 Consumers Road-ի շէնքի գնման եւ Երիտասարդական կեդրոնի ընդլայնման նախագիծերը։
Անդրադառնալով հանգանակային ընթացիկ լայնածաւալ աշխատանքներուն՝ ան խոր երախտագիտութեամբ յիշեց կարգ մը նուիրատուներ, որոնց շարքին՝ Հասըրճեան ընտանիքը, որ կատարեց 5 միլիոն տոլարի մեծագոյն նուիրատուութիւնը, Տիար Վարուժան Լափոյեանը, որ ինը տարի առաջ կատարած էր 1 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն՝ հիմք դնելով Երիտասարդական կեդրոնի ընդլայնման նախնական ծրագիրին, Գոլոլեան ընտանիքը՝ 250,000 տոլար, իսկ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը՝ 700,000 տոլար։
Թիթիզեան նաեւ բարձր գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ մասնակից դարձան այս ծրագիրի յաջողութեան։ Ան իր խօսքը փակեց՝ ըսելով. «Անհերքելի իրականութիւն է, թէ երբ մեր համայնքը կը միանայ մէկ ընդհանուր տեսլականի շուրջ, կարելի կ՚ըլլայ իրականացնել մեծ գործեր եւ մեծ նախաձեռնութիւններ»։
Երեկոն շարունակուեցաւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ՝ ընկերային մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։
ՀՈՒՐԻՆԱ
Լուսանկարները՝ White Photo