ՀՅԴ երիտասարդական միութիւնները կը պահանջեն Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը
- (0)

ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու Արեւմտեան ԱՄՆ-ի, Արեւելեան ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի շրջանները միացեալ յայտարարութեամբ վերահաստատեցին Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու եւ պատանդներու անյապաղ ազատ արձակման պահանջը՝ նշելով, որ 29 յունիս 2026-ը շատերուն համար կը նշէ գերութեան 1000-րդ օրը, իսկ ուրիշներ արդէն աւելի քան 2000 օր է, որ կը մնան բանտարկուած։
Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ կազմակերպուած դատավարութիւնները արդարադատութեան գործընթացներ չեն, այլ քաղաքական հետապնդման միջոցներ՝ ուղղուած Արցախի ղեկավարութիւնը վարկաբեկելու եւ Արցախի ցեղային զտման հետեւանքները օրինականացնելու։
Երեք շրջանները նաեւ խստօրէն քննադատեցին Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն անգործութիւնը եւ կոչ ուղղեցին հայութեան ու միջազգային հանրութեան՝ շարունակելու պայքարը բոլոր հայ գերիներու ազատութեան եւ անոնց դէմ յարուցուած շինծու մեղադրանքներու չեղարկման համար։