«Ուժեղ Հայաստան» Սահմանադրական Դատարանի կազմին օրինականութիւնը հարցականի տակ դրաւ

ԵՐԵՒԱՆ — «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ Արամ Վարդեւանեան Սահմանադրական դատարանին մէջ Ազգային ժողովի ընտրութիւններու արդիւնքներու վիճարկման գործի քննութեան ընթացքին յայտարարեց, որ գործը քննող դատարանի կազմը օրինականութեան խնդիր ունի։

Աւելի կանուխ, ԲՀԿ-ի ներկայացուցիչ Արամ Օրբելեան միջնորդած էր, որ գործը քննուի դատարանի ամբողջական կազմով՝ ներառելով նաեւ դատաւորներ Վլատիմիր Վարդանեանն ու Արտակ Զէյնալեանը։

Օրբելեանի միջնորդութեան արձագանգեց դատաւոր Սեդա Սաֆարեան, որուն մասնակցութեան հարցը եւս նախապէս քննարկուած էր։ Դատարանը որոշած էր, որ Սաֆարեան կրնայ մնալ կազմին մէջ։ Ան նշեց, որ կողմը դատաւորի անհամատեղելիութեան վերաբերեալ միջնորդութիւն ներկայացնելու իրաւունք չունի, այլ կրնայ միայն նման փաստեր ներկայացնել դատարանին։

Դատարանի նախագահ Արման Դիլանեան ընդհատեց Սաֆարեանի խօսքը՝ յայտարարելով, որ դատաւորի մասնակցութեան անհնարինութեան հարցը կրնայ քննարկուիլ միայն այն պարագային, երբ Սահմանադրական դատարանի դատաւորներէն մէկը այդ հարցը բարձրացնէ։

Յունիս 14-ին հրապարակուած էին Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները։ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը ստացած էր 726,819 քուէ՝ 49.7456 տոկոս, «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը՝ 340,006 քուէ՝ 23.2710 տոկոս, իսկ «Հայաստան» դաշինքը՝ 144,983 քուէ՝ 9.9231 տոկոս։ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը, ստանալով 58,287 քուէ կամ 3.9893 տոկոս, չէր յաղթահարած 4 տոկոսի անցողիկ շեմը։