Սաղաթէլեան. Այս իշխանութիւնը լիազօրութիւն չունի Ատրպէյճանի պահանջով Սահմանադրութիւն փոխելու

ԵՐԵՒԱՆ — ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարած է, որ ընդդիմութիւնը պիտի չհամակերպի ստեղծուած քաղաքական կացութեան եւ պիտի չսպասէ յաջորդ ընտրութիւններուն։

168TV-ի «Օրախնդիր» հաղորդաշարին ընթացքին Սաղաթէլեան նշած է, որ լիազորութիւնները (մանտաթները) ստանձնելու կամ չստանձնելու հարցը պէտք է դիտարկել ընդդիմութեան ընդհանուր մարտավարութեան ծիրին մէջ։ Անոր խօսքով՝ ներկայիս աշխոյժ, բաց եւ անկեղծ քննարկումներ կը կատարուին թէ՛ առանձին քաղաքական միաւորներու հետ, թէ՛ ընդդիմադիր ուժերու միջեւ։

«Այս իշխանութիւնը օրինականութեան հենք չունի եւ մեր ժողովուրդի մեծամասնութեան քուէն չէ ստացած։ Ան լիազօրութիւն չունի Ատրպէյճանի պահանջով Սահմանադրութիւն փոխելու, տարածքներ յանձնելու կամ նոր զիջումներու երթալու», ըսած է Սաղաթէլեան։

Ան ընդգծած է, որ իշխանութիւնը կը փորձէ ապօրինութիւններու, բռնութիւններու եւ քաղաքական ճնշումներու միջոցով ամրապնդել իր դիրքերը եւ տպաւորութիւն ստեղծել, թէ ունի ժողովրդային օրինականութիւն։ Սաղաթէլեանի համոզումով՝ առանց հզօր ժողովրդային շարժման կարելի չէ լուծել ստեղծուած խնդիրը։

Խօսելով ընդդիմութեան յառաջիկայ քայլերուն մասին՝ ան կարեւորած է միասնական օրակարգի ձեւաւորումը՝ անկախ անկէ, թէ որ քաղաքական ուժը ինչ ձեւաչափով մասնակցած է ընտրութիւններուն։ Սաղաթէլեան ողջունած է Սամուէլ Կարապետեանի նախաձեռնութիւնը եւ շեշտած, որ ընդդիմադիր համագործակցութիւնը պէտք է ունենայ գործնական օրակարգ։

Անդրադառնալով խորհրդարանական լիազօրութիւնները ստանձնելու հարցին՝ Սաղաթէլեան նշած է, որ ընդդիմութիւնը բարդ ընտրութեան առջեւ կը գտնուի։ Անոր համաձայն՝ թէ՛ ստանձնելու եւ թէ՛ չստանձնելու կողմնակիցներ կան ընդդիմադիր ընտրազանգուածին եւ ՀՅԴ շարքերէն ներս։

«Եթէ մանդատները ստանձնելու ճամբով երթանք, անիկա պէտք է ըլլայ այն տրամաբանութեամբ, որ փողոցային պայքարի եւ ժողովրդային ընդվզումի վերջնական իրաւական ձեւաւորումը պիտի կատարուի խորհրդարանին մէջ։ Այդ պարագային մանտաթները անհրաժեշտ են», ըսած է Սաղաթէլեան։

Ան նաեւ ընդգծած է, որ միայն խորհրդարանական միջոցներով կարելի չէ փոփոխութեան հասնիլ։ Ըստ Սաղաթէլեանի՝ լիազօրութիւններու ստանձնումը իմաստ ունի միայն այն պարագային, երբ պայքարը կը շարունակուի թէ՛ փողոցին մէջ, թէ՛ խորհրդարանին մէջ։

«550 հազար մարդ քուէ տուած է, եւ պէտք է այդ պահանջներով շարունակել պայքարը, ոչ թէ խուսափիլ այդ պատասխանատուութենէն։ Խորհրդարանի օրինականութեան հարցը պայմանաւորուած է ոչ թէ մեր երթալով կամ չերթալով, այլ իրենց կեղծած ընտրութիւններով», եզրափակած է Իշխան Սաղաթէլեան։