Քոչարեան․ Ընտրութիւնները կարելի չէ օրինական համարել. ընդդիմութիւնը պիտի շարունակէ պայքարը բոլոր ուղղութիւններով

ԵՐԵՒԱՆ․ Հայաստանի երկրորդ նախագահ եւ «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարած է, թէ յունիսի 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունեցած են արտաքին միջամտութիւններով, վարչական լծակներու լայն կիրառմամբ եւ ընդդիմութեան նկատմամբ աննախադէպ ճնշումներով, որոնց հետեւանքով նոր իշխանութեան օրինականութիւնը լուրջ հարցականի տակ կը գտնուի։

YerevanToday-ին, 5-րդ ալիքին եւ News.am-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Քոչարեան ըսած է, որ իշխանութիւններու յաղթանակի վաղաժամ յայտարարութիւնը փորձ էր ազդելու ձայներու հաշուարկի ընթացքին վրայ։ Ան նաեւ քննադատած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի վարքագիծը՝ մատնանշելով ընտրութեան գիշերը ուղիղ հեռարձակումներու դադարեցումը եւ պաշտօնական կայքէջի պարբերական խափանումները։

Քոչարեանի գնահատումով, ընտրութիւններուն վրայ ամենէն մեծ ազդեցութիւնը ունեցած է արտաքին քաղաքական աջակցութիւնը, նշելով, թէ միջազգային բարձրաստիճան պաշտօնատարներու նախընտրական յայտարարութիւններն ու այցելութիւնները աննախադէպ միջամտութիւն էին Հայաստանի ներքին քաղաքական գործընթացներուն։ Ան յիշեցուցած է Միացեալ Նահանգներու եւ շարք մը եւրոպական առաջնորդներու հրապարակային յայտարարութիւնները՝ նշելով, թէ անոնք փաստացի քաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերած են գործող իշխանութեան եւ անոր փոխանցած այն համոզումը, թէ միջազգային հանրութիւնը պիտի ճանչնայ ընտրութիւններու արդիւնքները՝ անկախ ներքին գործընթացներէն։

Ան նաեւ խիստ քննադատած է ընտրարշաւի ընթացքին պետական միջոցներու օգտագործումը՝ նշելով, որ պիւտճէով չնախատեսուած ծախսերը եւ տարբեր արտօնութիւններու տրամադրումը կարելի է դիտարկել որպէս ընտրական գործընթացին վրայ ազդելու միջոց։

Խօսելով խորհրդարանական լիազօրութիւններուն (մանդատներու) հարցին մասին՝ Քոչարեան յայտնած է, թէ վերջնական որոշումը դեռ չէ կայացուած եւ կը քննարկուի ընդդիմադիր այլ ուժերու հետ։ Սակայն ան ընդգծած է, որ խորհրդարանական ներկայութիւնը կրնայ ծառայել որպէս քաղաքական պայքարի կարեւոր գործիք, միաժամանակ շեշտելով, որ ընդդիմութեան պայքարը պիտի շարունակուի նաեւ փողոցային եւ այլ քաղաքական հարթակներու վրայ։

Անդրադառնալով «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան քուէներուն շուրջ ստեղծուած իրավիճակին՝ Քոչարեան պնդած է, թէ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը որոշումներ ընդունած է իր լիազօրութիւններէն դուրս եւ իր գործողութիւններով աւելի խորացուցած է ընտրութիւններու օրինականութեան շուրջ կասկածները։ Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ յանձնաժողովի նախագահը նախկին իշխանական պատգամաւոր է, ինչ որ, փաստօրէն հարցականի տակ կը դնէ կառոյցի անաչառութիւնը։

Արտաքին քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան վերաբերող հարցերուն անդրադառնալով՝ Քոչարեան քննադատած է իշխանութիւններու արեւմտեան ուղղուածութիւնը՝ շեշտելով, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը զգալիօրէն կախեալ կը մնայ ռուսական շուկայէն, մինչդեռ եւրոպական շուկաներուն համարկուելու համար անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներն ու ներդրումները ներկայ պայմաններուն մէջ իրատեսական չեն։ Ան նաեւ զգուշացուցած է, որ Արեւմուտք-Ռուսիա դիմակայութեան խորացման պայմաններուն մէջ Հայաստանի որդեգրած ուղեգիծը կրնայ յանգեցնել նոր տնտեսական եւ քաղաքական հետեւանքներու, ներառեալ՝ Ռուսաստանի կողմէ յաւելեալ սահմանափակումներու կիրարկումը։

Քոչարեան ընդգծած է, որ ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ կը շարունակուին խորհրդակցութիւններն ու տեղեկատուութեան փոխանակումը, իսկ հետագայ համատեղ քայլերու ձեւաչափը պիտի յստականայ մօտ ապագային։