Ծառուկեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում հարուցուած է, սակայն ԿԸՅ նախապէս դիմում չէ ստացած

ԵՐԵՒԱՆ․- Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում հարուցուած է եւ անոր մեղադրանք առաջադրուած է առանձնապէս խոշոր չափերով հարկերէ խուսափելու յանցանքով։ Գլխաւոր դատախազութիւնը նաեւ տեղեկացուցած է, որ անոր նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է երկրէն բացակայելու արգելքը։

Միեւնոյն ժամանակ հարցեր ծագած են գործընթացի օրէնսդրական կարգաւորման շուրջ։ Ծառուկեան, որ տակաւին յունիսի 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու պատգամաւորի թեկնածու է, գործող օրէնքով կը վայելէ թեկնածուի անձեռնմխելիութիւն, եւ անոր նկատմամբ քրէական հետապնդում սկսելու համար անհրաժեշտ է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի համաձայնութիւնը։

Սակայն ԿԸՅ-ի խօսնակը յայտնած է, թէ դատախազութենէն նման դիմում չեն ստացած։ Հարցումին ի պատասխան՝ Գլխաւոր դատախազի խորհրդական Լուսինէ Մարտիրոսեան նախ նշած է, թէ պիտի ճշդէ տեղեկութիւնը եւ արձագանգէ, ապա առաջարկած է հարցումը գրաւոր կերպով ներկայացնել։

Դէպքին առնչութեամբ պաշտօնական լրացուցիչ պարզաբանումներ առայժմ չեն հրապարակուած։