Հայաստանի իններորդ խորհրդարանական ընտրութիւնները՝ արտաքին միջամտութեան, ընդդիմութեան դէմ ճնշումներու եւ օրինախախտումներու ստուերին տակ

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մէջ վերանկախացումէն ի վեր տեղի ունեցած իններորդ խորհրդարանական ընտրութիւնները աւարտեցան խոր քաղաքական բեւեռացման, ընտրախախտումներու բազմաթիւ ահազանգերու, ընդդիմադիր ուժերու նկատմամբ ճնշումներու եւ արտաքին դերակատարներու բացայայտ միջամտութեան մթնոլորտի մէջ։

Օրէնքին համաձայն, նորընտիր Ազգային ժողովը պէտք է ունենայ առնուազն 101 պատգամաւոր եւ ներառէ նուազագոյնը երեք քաղաքական ուժ։ Այս ընտրութիւններուն մասնակցեցան 16 կուսակցութիւն եւ 2 դաշինք։ Խորհրդարան մուտք գործելու համար կուսակցութիւններուն անհրաժեշտ էր ապահովել առնուազն 4 առ հարիւր, իսկ դաշինքներուն՝ 8 առ հարիւր ձայն։ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի տուեալներով, քուէարկելու իրաւունք ունէր 2 միլիոն 505 հազար 102 քաղաքացի։ Քուէարկութիւնը նշանաւորուեցաւ բարձր մասնակցութեամբ. երեկոյեան ժամը 20:00-ի դրութեամբ մասնակցութիւնը հասած էր 58.97 առ հարիւրի, կամ 1 միլիոն 476 հազար 597 քուէարկողի։

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախնական արդիւնքներուն համաձայն, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է 727,827 ձայն կամ 49.825 առ հարիւր, «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը՝ 340,088 ձայն կամ 23.281 առ հարիւր, «Հայաստան» դաշինքը՝ 145,113 ձայն կամ 9.934 առ հարիւր։ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը ստացած է 58,378 ձայն կամ 3.996 առ հարիւր՝ ընդամէնը 0.004 առ հարիւրով զիջելով խորհրդարան անցնելու անհրաժեշտ շեմին։ ԿԸՅ-ն յայտարարած է, որ վերահաշուարկներու եւ ճշդումներու փուլը կրնայ ազդեցութիւն ունենալ յատկապէս սահմանագիծին վրայ գտնուող ուժերուն վերջնական արդիւնքներուն վրայ։

Ընտրութիւններուն ընթացքին եւ անոնց նախորդող շաբաթներուն ընդդիմադիր ուժերը բազմիցս ահազանգեցին վարչական լծակներու չարաշահման, քաղաքական հետապնդումներու, ձերբակալութիւններու, ընտրակաշառքի, ընտրողներու վրայ ճնշումներու եւ այլ ընտրախախտումներու մասին։ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեան ընտրութիւնները բնորոշեց որպէս «խայտառակ» եւ յայտարարեց, որ իր քաղաքական ուժին դէմ գործադրուած են աննախադէպ ճնշումներ, մինչդեռ «Հայաստան» դաշինքը եւ այլ ընդդիմադիր գործիչներ քննադատեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վաղաժամ յաղթանակի յայտարարութիւնը, որ կատարուեցաւ այն պահուն, երբ քուէներու միայն մօտ 10 առ հարիւրը հաշուարկուած էր։ Ընդդիմադիր շրջանակները այդ քայլը գնահատեցին որպէս ճնշում Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին վրայ եւ փորձ՝ ազդելու ընտրական գործընթացի ընկալման վրայ։

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակը նշած է, որ ընտրութիւնները ընդհանուր առմամբ լաւ կազմակերպուած էին, սակայն արձանագրած է խիստ բեւեռացուած քարոզարշաւ, բաժանարար հռետորաբանութիւն, կողմնակալ լրատուամիջոցներու ազդեցութիւն եւ արտաքին ուղղակի ճնշման դրսեւորումներ։ Միեւնոյն ժամանակ, ԱՊՀ դիտորդական առաքելութիւնը յայտարարեց, թէ ընտրութիւնները եղած են բաց եւ մրցակցային եւ չեն արձանագրուած այնպիսի խախտումներ, որոնք կրնային ազդել արդիւնքներուն վրայ։

Ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք շարք մը արտաքին դերակատարներ շտապեցին շնորհաւորել Նիկոլ Փաշինեանը։ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշթան, Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլան, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին եւ ԵՄ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոսը հրապարակաւ ողջունեցին արդիւնքները եւ շեշտեցին Հայաստանի եւ Եւրոպայի յարաբերութիւններու խորացման անհրաժեշտութիւնը։ Քոսը յատկապէս յայտարարեց, թէ ընտրութիւնները տեղի ունեցած են «Ռուսիոյ լայնածաւալ ճնշումներու եւ միջամտութեան պայմաններուն մէջ» եւ որ հայ ժողովուրդը վերահաստատած է իր ընտրութիւնը յօգուտ «ուժեղ, ինքնիշխան եւ անկախ Հայաստանի»։

Մոսկուան, իր կարգին, ձեռնպահ մնաց անմիջական գնահատականներէ եւ յայտարարեց, որ կը սպասէ վերջնական արդիւնքներուն։ Քրեմլի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ռուսիան ուշադիր կը հետեւի ընտրութիւններուն եւ խախտումներու վերաբերող տեղեկութիւններուն, մինչդեռ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա ընդգծեց, թէ հայ հասարակութիւնը խորապէս բեւեռացուած է եւ զգուշացուց, որ բնակչութեան տարբեր շերտերու կարծիքները անտեսող միակողմանի որոշումները կրնան երկիրը մղել աւելի խոր բաժանումներու եւ ընկերատնտեսական ցնցումներու։

Ընտրութիւններու վերջնական քաղաքական եւ իրաւական հետեւանքները տակաւին անորոշ կը մնան, քանի որ վերահաշուարկներու, բողոքարկումներու եւ ընտրախախտումներու վերաբերեալ քննութիւններու գործընթացը շարունակուի առաջիկայ օրերուն։ Սակայն ակնյայտ է, որ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունեցան բացառիկ ներքաղաքական լարուածութեան, արտաքին ազդեցութիւններու եւ Հայաստանի ապագայ ուղեգիծին շուրջ խոր տարակարծութիւններու պայմաններուն մէջ։