ԵՄ-ն 50 միլիոն եւրոյի շտապ աջակցութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին
- (0)

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին 50 միլիոն եւրոյի շտապ ֆինանսական աջակցութիւն պիտի տրամադրէ՝ ռուսական սահմանափակումներուն հետեւանքով ստեղծուած տնտեսական դժուարութիւններուն դիմակայելու նպատակով։ Այս մասին յայտարարեց Եւրահանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լայէն՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցէն ետք։
Պրիւքսէլը նաեւ պիտի մշակէ հայկական արտադրանքներու արտահանման նոր աջակցութեան միջոցառումներ, ներառեալ հայկական գիւղատնտեսական ապրանքներու մուտքի դիւրացումը Եւրոպական շուկաներ։ Ըստ ֆոն տէր Լայէնի, Մոսկուայի կողմէ սահմանուած արգելքները տնտեսական ճնշման դրսեւորում են, եւ Եւրոպան պատրաստ է կանգնելու Հայաստանի կողքին։
Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի կառավարութիւնը որոշեց մէկ ամսուան համար փոխհատուցումներ տրամադրել պտուղ-բանջարեղէն եւ ծաղիկ արտահանող ընկերութիւններուն, որպէսզի անոնք կարողանան նոր շուկաներ գտնել եւ նուազեցնեն կախուածութիւնը ռուսական շուկայէն։ Կառավարութեան գնահատումով, ծրագրին համար պիտի յատկացուի մօտ 1.9 միլիառ դրամ։
Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէ հայկական ապրանքներ ընդունելու, սակայն շեշտեց, որ արտահանողները պէտք է համապատասխանեն եւրոպական չափանիշներուն։
Ըստ հաղորդումներու, Պրիւքսէլը նաեւ կը քննարկէ Հայաստանի համար Առեւտուրի Ինքնավար Միջոցառումներու (ATM) համակարգի կիրարկումը, որուն շնորհիւ հայկական որոշ ապրանքներ կրնան Եւրոպական շուկայ մուտք գործել առանց մաքսատուրքերու եւ սահմանափակումներու։