Հայաստան եւ ԱՄՆ պաշտօնապէս ստորագրեցին TRIPP-ի համաձայնագիրը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ պաշտօնապէս ստորագրեցին «Թրամփի Ուղի Հանուն Միջազգային Խաղաղութեան եւ Բարգաւաճման» (TRIPP) նախաձեռնութեան վերաբերող ռազմավարական համագործակցութեան շրջանակային համաձայնագիրը։ Այս մասին յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյան տեղեկացուց, որ ԱՄՆ Պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոն արդէն ստորագրած էր փաստաթուղթը, որ այնուհետեւ ուղարկուած էր Երեւան, ուր հայկական կողմն ալ կատարեց իր ստորագրութիւնը։ Ան նշեց, թէ այսպիսով հեռավար ստորագրման գործընթացը աւարտած է, իսկ համաձայնագիրը պատրաստ է վաւերացման։
Ռուպիոն, անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն, յայտարարեց, թէ հակամարտութիւնը «եզրափակուած է» եւ որ TRIPP-ը երկու երկիրներուն, յատկապէս Հայաստանին, պիտի տրամադրէ տնտեսական զարգացման նոր հնարաւորութիւններ՝ անոնց ինքնիշխանութիւնը յարգելով։
Միեւնոյն ժամանակ, ԱՄՆ-ի Միջազգային Զարգացման Ֆինանսական Կորպորացիան (DFC) յայտնեց, որ իր տնօրէններու խորհուրդը հաւանութիւն տուած է TRIPP-ի զարգացման ընկերութեան հիմնադրութեան, որ պիտի աջակցի շարք մը ենթակառուցուածքային ծրագիրներու, ներառեալ երկաթուղիներու, ճանապարհներու, խողովակաշարերու եւ մանրաթելային ցանցերու (fibre optic network) զարգացման։
Համաձայն հրապարակուած տեղեկութիւններուն, TRIPP-ի շրջանակին մէջ սահմանային անցակէտերու որոշ ծառայութիւններ կրնան իրականացուիլ մասնաւոր շահագործողներու միջոցով։ Նախապէս Արարատ Միրզոյան չէր բացառած, որ անցնողներու առերես սպասարկման, փաստաթուղթերու հաւաքագրման եւ տարանցման վճարներու գանձման գործառոյթները կրնան պատուիրակուիլ երրորդ երկրի շահագործողներու։