ԵՄ-ն կը վերահաստատէ աջակցութիւնը Հայաստանին, մինչ Մոսկուա կը խօսի «բաժանման» հնարաւորութեան մասին

ԵՐԵՒԱՆ – Եւրոպական Միութիւնը պիտի աջակցի Հայաստանին ԵՄ անդամակցութեան ուղղութեամբ իր ձգտումներուն։ Այս մասին յայտարարած է ԵՄ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոսը՝ մեկնաբանելով Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան մերձեցման վերաբերեալ վերջին զարգացումները։

«Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովն ու Հայաստան-ԵՄ առաջին գագաթնաժողովը ցոյց տուին, թէ ո՛ր ուղղութեամբ Հայաստան կ՚ուզէ շարժիլ, եւ Եւրոպան պիտի աջակցի անոր», ըսած է ան Պրիւքսէլի մէջ։

Միեւնոյն ժամանակ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, թէ Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը «յատուկ քննարկում» կը պահանջէ։ Ան առաջարկած է, որ Երեւան հանրաքուէ կազմակերպէ՝ պարզելու համար Հայաստանի քաղաքացիներուն դիրքորոշումը ԵՄ-ին անդամակցելու վերաբերեալ։ Փութին նաեւ նշած է, թէ ԵԱՏՄ-ի եւ Եւրոպական Միութեան մաքսային համակարգերուն մէջ միաժամանակ գտնուիլը, ըստ էութեան, դժուար թէ հնարաւոր ըլլայ, եւ խօսած է «մեղմ, քաղաքակիրթ եւ փոխշահաւէտ բաժանման» հնարաւորութեան մասին։

Նիկոլ Փաշինեան, արձագանգելով Փութինի յայտարարութիւններուն, ըսած է, թէ ներկայիս հանրաքուէ կազմակերպելու «առարկայական անհրաժեշտութիւն» գոյութիւն չունի։

«Մինչեւ այն պահը, երբ ըստ օրէնքի եւ ըստ էութեան ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւն չըլլայ, նման հարց օրակարգ պիտի չբերենք», նշած է ան։