Հայաստան–Ֆրանսա ռազմավարական գործընկերութեան համատեղ հռչակագիր ստորագրուեցաւ
- (0)

Երեւանի մէջ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ներկայութեամբ, ստորագրուեցաւ Հայաստան–Ֆրանսա ռազմավարական գործընկերութեան մասին համատեղ հռչակագիր։
Ստորագրութեան արարողութենէն ետք կայացած մամլոյ ասուլիսին, Փաշինեան յայտնեց, թէ մինչ այժմ ալ առանց նման փաստաթուղթի զգալի արդիւնքներ արձանագրուած են՝ ընդգծելով, որ ռազմավարական գործընկերութեան հաստատումը նոր կարելիութիւններ պիտի բանայ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման համար։
Իր կարգին, նախագահ Մաքրոն շեշտեց, որ վերջին տարիներուն Ֆրանսան ձգտած է աջակցիլ Հայաստանի զինուած ուժերու արդիականացման եւ երկրի ինքնիշխանութեան ամրապնդման ուղղութեամբ՝ այս բոլորը բնորոշելով իբրեւ հայ–ֆրանսական յարաբերութիւններու առանցքային հիմնասիւներ։
Փաշինեան նաեւ նշեց, որ ստորագրուած հռչակագիրը կը հաստատէ առկայ համագործակցութիւնը եւ միաժամանակ կը ստեղծէ նոր պայմաններ՝ առկայ հնարաւորութիւնները աւելի արդիւնաւէտ օգտագործելու համար։ Ան ընդգծեց, թէ բարձր մակարդակով կնքուած նման փաստաթուղթերը քաղաքական յստակ ազդակ կ՛ուղղեն տարբեր ոլորտներու դերակատարներուն՝ խրախուսելով պետական եւ մասնաւոր կառոյցներու միջեւ համագործակցութեան ընդլայնումը։
Նոյն առիթով, երկու պետութիւններու ղեկավարներու ներկայութեամբ ստորագրուեցան նաեւ շարք մը այլ համաձայնագիրներ եւ հուշագիրներ, ներառեալ՝ պաշտպանական արուեստագիտութիւններու հետազօտութեան, զարգացման եւ նորարարութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ արհեստական բանականութեան, առցանց անվտանգութեան եւ կիսահաղորդիչներու մարզերուն մէջ համագործակցութեան մասին մտադրութեան նամակներ։ Ստորագրուեցաւ նաեւ համաձայնագիր՝ Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարանի հիմնադրամին վերաբերեալ։