Թուրքիան կ՚առաջարկէ Հայաստանը ներառել եռակողմ ձեւաչափին մէջ
- (0)

Թուրքիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ, Միջխորհրդարանական միութեան 152-րդ Գլխաւոր վեհաժողովի ծիրին մէջ Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Շալվա Պապուաշվիլիի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին շեշտեց Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման կարեւորութիւնը։
Քուրթուլմուշ ընդգծեց, թէ անհրաժեշտ է աշխուժացնել Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան եռակողմ համագործակցութեան մեքանիզմը՝ աւելցնելով, որ կարելի է այդ ձեւաչափը դարձնել աւելի ընդգրկուն՝ ներգրաւելով նաեւ Հայաստանը։ Անոր համաձայն, նման համագործակցութիւնը կրնայ նպաստել տարածաշրջանային վստահութեան ամրապնդման եւ փոխադարձ շահերու յառաջխաղացման։
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը նաեւ անդրադարձաւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններուն՝ ընդգծելով, որ Անգարան առաջնահերթ կը նկատէ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովումը ոչ միայն Կովկասի, այլ նաեւ Սեւ ծովու, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ։ Ան շեշտեց, թէ կայուն միջավայրի ստեղծումը կրնայ նպաստել տնտեսական զարգացման եւ բարգաւաճման ընդլայնման։
Քուրթուլմուշ նախապէս ալ յայտարարած էր Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ եռակողմ երկխօսութեան զարգացման հեռանկարներուն մասին՝ դիտելով զայն որպէս տարածաշրջանային համագործակցութեան կարեւոր ուղի։