Յայտարարութիւն ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան

ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը իր վերջին լիագումարին ընթացքին հանգամանօրէն քննարկեց միջին արեւելեան հայ գաղութներուն իրավիճակը, դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ վտանգները՝ ռազմաքաղաքական վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ։

Կեդրոնական վարչութիւնը վերահաստատեց, որ միջին արեւելեան մեր գաղութները, որոնք կենսական եւ անբաժանելի մասն են հայկական Սփիւռքին, շնորհիւ ազգային- եկեղեցական ղեկավարութիւններուն թափած ճիգերուն, կը շարունակեն իրենց գոյութիւնն ու  առաքելութիւնը՝ հակառակ բազում եւ բազմապիսի դժուարութիւններու։

Այս առիթով՝ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը կը հաստատէ, որ մօտէն կը հետեւի արձանագրուող զարգացումներուն եւ ամբողջական պատրաստակամութեամբ կը շարունակէ իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դնել, որպէսզի միջին արեւելեան մեր գաղութները կարենան գոյատեւել նման վտանգներով լի կացութիւններու մէջ։

Կեդրոնական վարչութիւնը, թարգմանը հանդիսանալով մեր կազմակերպութեան շարքերուն, կը յուսայ, որ շուտով վերջ կը  գտնեն պատերազմական գործողութիւնները, որպէսզի միջին արեւելեան մեր գաղութները իրենց հաւաքական կեանքը շարունակեն՝ բնականոն պայմաններու մէջ։

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ