Հայաստանի քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ է կանխել Փաշինեանի վերարտադրութիւնը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան անդրադարձած է Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, թէ եթէ ինք չվերընտրուի, ապա նոր պատերազմ կրնայ տեղի ունենալ։

Սաղաթէլեան նշած է, թէ ընտրութիւններուն ընդառաջ Փաշինեան կրկին կը փորձէ հասարակութիւնը վախցնել պատերազմով եւ Ատրպէյճանի գործօնով։ Ան յիշեցուցած է, թէ նմանատիպ յայտարարութիւններ հնչած էին նաեւ 2021-ի ընտրութիւններուն ընթացքին, երբ Փաշինեան փորձած էր համոզել հանրութիւնը, թէ իր վերարտադրութիւնը պիտի ապահովէ խաղաղութիւն։

«Իրականութիւնը սակայն այլ եղաւ», ընդգծած է Սաղաթէլեան՝ յիշեցնելով, որ 2021-էն ետք տեղի ունեցան նոր ռազմական բախումներ։ Ան մասնաւորաբար մատնանշած է 2022-ի լայնածաւալ յարձակումը Հայաստանի դէմ, որուն հետեւանքով, եղան հարիւրաւոր զոհեր եւ Հայաստանի տարածքներէն մասեր անցան ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ։ Ան նաեւ յիշեցուցած է 2023-ի սեպտեմբերին Արցախի հայաթափումը։

Սաղաթէլեան նաեւ անդրադարձած է 2024-ի Տաւուշի գործընթացներուն՝ պնդելով, թէ իշխանութիւնը նոյն «պատերազմի սպառնալիքի» տրամաբանութեամբ զիջումներ կատարեց։

ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը շեշտած է, թէ Փաշինեան կը փորձէ ներկայանալ որպէս խաղաղութեան երաշխաւոր, մինչդեռ, իրականութեան մէջ ան «պատերազմի եւ պարտութեան խորհրդանիշն է»։ Ան կոչ ուղղած է կանխելու Փաշինեանի վերարտադրութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւններուն՝ զայն նկատելով ազգային անվտանգութեան մեծագոյն սպառնալիք։