ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ. ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՔԱՅԼ ՄԸ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՀԱՅԵՑԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ
- (0)

Մեծ ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ յաջողութեամբ ձեռք ձգեցինք 211 Consumers Road հասցէին գտնուող համալիր մը, որ պիտի փոխարինէ՝ միաժամանակ գերազանցելով ներկայիս ընթացքի դրուած Հայ երիտասարդական կեդրոնի ընդլայնումի ծրագիրը։
15,05 միլիոն տոլար արժող այս ձեռքբերումը համայնքի պատմութեան մէջ ամենամեծ տնտեսական ծրագիրն է որ կը հանդիսանայ ազգային կրթութեան եւ համայնքային գործունէութեան երկարաժամկէտ ու կայուն աճն ու ապագան ապահովող վճռական ու ռազմավարական ներդրում մը։
Համալիրի իւրայատուկ կառուցուածքը առիթը պիտի ընծայէ նաեւ ՀՕՄի ամէնօրեայ վարժարանի 7–12-րդ կարգերու տեղաւորումը նոր համալիրին մէջ, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններու աճին ու զարգացումին համար անհրաժեշտ տարածք ստեղծելով ներկայի երկու շէնքերուն մէջ։ Տարիներէ ի վեր, տարածքի սահմանափակումներուն պատճառով բազմաթիւ հայ երեխաներ չեն կրցած ընդունուիլ համայնքիս միակ ամենօրեայ վարժարանը։ Այս ընդլայնումը ուղղակիօրէն կը լուծէ այդ հարցը եւ կ’ապահովէ վարժարանին կայուն ու շարունակական աճը։
Նոր նախաձեռնութեան նպաստելու համար, ACC Beyond հանգանակային արշաւը՝ որ սկզբնապէս մեկնարկած էինք Հայ երիտասարդական կեդրոնի ընդլայնումի աշխատանքներուն ի նպաստ, պիտի վերամեկնարկուի եւ ուղղուի այս նոր ծրագիրի իրականացումին։
Այս անկիւնադարձը կը խորհրդանշէ կրթական գերազանցութեան եւ ազգային ու մշակութային ժառանգութեան պահպանումի նոր ժամանակաշրջան մը։ Ժամանակակից այս համալիրը ձեռք ձգելով՝ համայնքը կ’երաշխաւորէ գանատահայութեան համար կայուն ու բարգաւաճ ապագայ մը։
Շնորհաւորութի՜ւն թորոնթոհայ համայնքին:
ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէ