Արմէն Ռուստամեան Վանքուվըրի մէջ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը
- (0)

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ Գանատա կը գտնուի մասնակցելու ՀՅԴ 135-ամեակի տօնակատարութիւններուն, իր այցելութեան ծիրէն ներս ժամանած է Վանքուվըր։
Վանքուվըրի մէջ ան հանդիպումներ պիտի ունենայ տեղական պատասխանատու մարմիններու հետ՝ մօտէն ծանօթանալու համայնքային գործունէութեան, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, մարտ 6-ին, պիտի բանախօսէ ՀՅԴ 135-ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին։
Իր այցելութեան սկիզբը նշանաւորելով՝ Ռուստամեանի առաջին կանգառը եղած է Մաունթըն Վիու գերեզմանատան մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, ուր ան ծաղիկներ զետեղած է՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին։
Այցելութեան ընկերակցած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ ՀՅԴ Վանքուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի անդամներ։
Այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են նաեւ հանդիպումներ ընտրուած պաշտօնատարներու հետ։