Հայ Դատի գործունէութեան հիմնական խոչընդոտը ՀՀ իշխանութիւններու դիրքորոշումն է. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

ՀՅ Դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններու ընդլայնուած խորհրդաժողովի ծիրին մէջ Հայաստան գտնուող ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան, փետրուար 23-ին հիւրն էր «Երկրի հարցը» հաղորդաշարին։

Հաղորդման ընթացքին ան անդրադարձաւ Հայ Դատի գրասենեակներու միջազգային գործունէութեան, յատկապէս այն խոչընդոտներուն, որոնք կը յարուցուին ՀՀ գործող իշխանութիւններու դիրքորոշումէն։ Տէր-Խաչատուրեան շեշտեց, որ Հայ Դատի աշխատանքները կը շարունակուին տարբեր երկիրներու մէջ՝ նպատակ ունենալով պաշտպանել հայ ժողովուրդի իրաւունքները եւ հետապնդել համահայկական օրակարգի առաջնահերթութիւնները։

Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ ծառացած մարտահրաւէրները, Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքը, ինչպէս նաեւ Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած նախաձեռնութիւնները։ Ան ընդգծեց, որ այս հարցերը կը մնան Հայ Դատի գործունէութեան առանցքային ուղղութիւններ։

Հարցումին՝ արդեօք ներկայ իշխանութիւններուն հետ հնարաւո՞ր են յարաբերութիւններ կամ հանդիպումներ, Տէր-Խաչատուրեան պատասխանեց, որ ՀՅԴ-ն միշտ յայտնած է՝ նման գործընթաց մը պէտք է իրականացուի ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին հետ։ Միաժամանակ ան նշեց, որ եթէ իշխանութիւնները ցանկան համահայկական բնոյթի հարցեր քննարկել, ապա պարտին բացայայտել հիմնական օրակարգը։

Տէր-Խաչատուրեան աւելցուց, որ կան նախապայմաններ, որոնք իշխանութիւնները քաջատեղեակ են. անոնց շարքին են ազգային արժէքներու վերականգնումը, ժողովուրդը պառակտելու քաղաքականութեան դադրեցումը եւ Եկեղեցւոյ դէմ արշաւի կասեցումը։

Ան եզրափակեց՝ վերահաստատելով, որ Հայ Դատը միջազգային ցանցը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ անկախ քաղաքական պայմաններէն, մնալով հաւատարիմ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ազգային օրակարգի առաջմղման իր առաքելութեան։

Մանրամասնութիւնները տեսանոյթին մէջ՝