Հաղորդագրութիւն Համազգայինի Գանատայի Շրջանի 46-րդ Արտակարգ Շրջանային Ժողովի
- (0)

Կիրակի, 8 փետրուար 2026-ին, Քինկսթընի մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Գանատայի շրջանի 46-րդ արտակարգ Շրջանային ժողովը, ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Թամար Տօնապետեանի եւ առցանց հեռակայ մասնակցութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Լորիկ Սապունճեան Ծատուրեանի։
Ժողովին հիւրաբար ուղիղ եթերով իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մարալ Քիւլլահեան։ Նշենք նաեւ, թէ ժողովին հիւրաբար ներկայ էր Համազգայինի «Բագին» պարբերաթերթի խմբագիր Սոնիա Քիլէճեան Աճէմեան։
Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամներէն բացի, ժողովին ներկայ էին Համազգայինի Գանատայի շրջանի Քեպէգի «Սանահին» եւ Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները, եւ առցանց իրենց մասնակցութիւնը բերին Գեմպրիճի «Տաթեւ» եւ Վանգուվըրի «Վարագ» մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները։
Թամար Տօնապետեան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ամփոփ տեղեկագրի ներկայացման աւարտին նշեց, թէ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը օրինակելի կը նկատէ եւ բարձր կը գնահատէ Գանատայի շրջանը, իր բերած շինիչ գաղափարներուն, իր աշխոյժ ու արդիւնաբեր գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վաչութեան նկատմամբ իր նիւթական եւ բարոյական ներդրումին համար։
Ժողովին ընթացքին Համազգայինի ընթացաւարտ Կեդրոնական վարչութեան քառամեայ գործունէութեան քննարկումէն ետք, օրակարգի յստակ կէտերով տեղի ունեցան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ապագայ գործունէութեան ծրագրման առաջարկներ, անդրադառնալով բծախնդրօրէն կրթական, մշակութային, տնտեսական, կազմակերպական, քարոզչական եւ այլ գործունէութեանց։
Ժողովին աւարտին, շրջանէն երեք պատգամաւորներ ընտրուեցան Վիգէն Թիւֆէնքճեան, Ռուբէն Սարգիսեան եւ Էօժենի Բարսեղեան։
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ սոյն ժողովէն բխած բանաձեւերը համադրուելէ ետք, շրջանի երեք պատգամաւորներուն կողմէ պիտի ներկայացուին Համազգայինի (Ժ.) 10-րդ Պատգամաւորական ժողովին, որուն բացումը տեղի պիտի ունենայ 28 Մայիսին, իսկ ժողովը՝ 29-31 Մայիսին, Երեւան։
Նշենք թէ Պատգամաւորական ժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ «Բագին» պարբերաթերթի խմբագիր Սոնիա Քիլէճեան Աճէմեան եւ Գանատայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Թամար Շահինեան։
Ժողովը փակուեցաւ Թամար Տօնապետեանի շնորհակալական խօսքերով, որուն մէջ ան անդրադարձաւ ժողովին ընթացքին արտայայտուած գնահատականին, թերութիւններուն թէ շինիչ առաջարկներուն, որոնց շնորհիւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը նո՛ր խանդավառութեամբ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը, մի՛շտ հաւատարիմ մնալով իր բնաբանին՝ «Լոյսով՝ լոյսին»։
Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն