Ապտուլլահ Կիւլ․ Եւրոպական անվտանգութեան համակարգը պէտք է ներառէ Թուրքիան

Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ յօդուած մը հրապարակելով Project Syndicate-ին մէջ՝ կոչ ուղղած է վերանայելու Եւրոպայի անվտանգութեան համակարգը եւ աւելի ընդգրկուն ձեւով ներառելու Թուրքիան՝ նշելով, որ եւրոպական ցամաքամասը չի կրնար հասնիլ ռազմավարական ինքնավարութեան առանց Եւրոպական Միութենէն անդին տարածուող լայն համագործակցութեան։

Կիւլ կը գրէ, որ Եւրոպան պէտք է մշակէ վստահելի անվտանգային համակարգ մը՝ ի պատասխան համաշխարհային փոփոխուող իրադրութիւններուն եւ Միացեալ Նահանգներու՝ Եւրոպայի հիմնական անվտանգութեան երաշխաւորի իր դերին վերաբերեալ աճող անորոշութեան։ Թէեւ ան կը շեշտէ, որ ՆԱԹՕ-ն կը մնայ առանցքային, սակայն կը պնդէ, որ նոր կառուցուածքը պէտք է տարածուի «Ատլանտեանէն մինչեւ Սեւ ծով»՝ ընդգրկելով թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ Միացեալ Թագաւորութիւնը։

Ան կը մատնանշէ, որ Եւրոպան երկար ժամանակ մեծապէս ապաւինած է ամերիկեան պաշտպանութեան՝ բաւարար ներդրում չկատարելով սեփական պաշտպանական կարողութիւններուն մէջ։ Ըստ Կիւլի, ներկայ աշխարհաքաղաքական զարգացումները՝ ներառեալ Ուքրանիոյ պատերազմը եւ Ուաշինկթընի քաղաքական ազդակները, կը շեշտեն Եւրոպայի ռազմավարական ինքնավարութեան անհրաժեշտութիւնը՝ զուգորդուած «փափուկ ուժ»-ի արժէքներու՝ ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու պահպանմամբ։

Կիւլ կը յիշեցնէ Թուրքիոյ դերը ՆԱԹՕ-ի մէջ՝ նշելով, որ երկիրը դաշինքի երկրորդ ամէնէն մեծ բանակը ունի եւ պատմականօրէն նպաստած է Եւրոպայի անվտանգութեան՝ ներառեալ Պաղ պատերազմի շրջանին, Սուրիոյ տագնապին եւ Ուքրանիոյ պատերազմի ընթացքին։ Ան նաեւ կը շեշտէ Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան զարգացումը եւ տարածաշրջանային ազդեցութիւնը՝ Կովկասէն մինչեւ Միջին Արեւելք։

Միաժամանակ, Կիւլ կը քննադատէ Եւրոպական Միութեան՝ Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընթացի վերաբերեալ, յատկապէս Կիպրոսի հարցին շուրջ, եւ կոչ կ՛ընէ աւելի անկեղծ եւ կառուցողական համագործակցութեան։ Ան կը պնդէ, որ Եւրոպայի անվտանգութիւնը պէտք չէ պատանդ դառնայ առանձին անդամ պետութիւններու նեղ շահերուն։

Ըստ Կիւլի, Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւններու վերանորոգումը օգտակար պիտի ըլլայ երկու կողմերուն համար՝ ամրապնդելով Եւրոպայի անվտանգային համակարգը եւ խթանելով Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական չափանիշներու եւ տնտեսական գրավչութեան զարգացումը։ Ան կ՛եզրափակէ դիտել տալով, որ Եւրոպայի յառաջիկայ նախաձեռնութիւնները, ինչպիսին է «Security Action for Europe» (SAFE) ծրագիրը, ցոյց պիտի տան, եթէ Պրիւքսել մտադիր է լրջութեամբ մօտենալու Թուրքիան իր պաշտպանական համակարգին մէջ ներառելու հարցին։