Արցախէն տեղահանուած մօտ 30.000 անձ ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն
- (0)

Արցախէն բռնի տեղահանուած մօտ 30.000 անձ ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն։ Այս մասին վերջերս տեղի ունեցած ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեան։
«20.769 անձ ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն։ Ասոր կողքին՝ 9.715 անչափահաս եւս ձեռք բերած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն՝ անձնագրաւորման միջոցաւ։ Այսինքն՝ մօտ 30.000 անձ ձեռք բերած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն»,– ըսած է Սարգսեան։
Անոր խօսքով՝ առ այժմ մերժման որեւէ դէպք չէ արձանագրուած։ Ըստ նախարարին՝ տարուան սկիզբէն արդէն 1.000 դիմում ստացուած է բռնի տեղահանուած անձերէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան տուեալներով՝ 2023 թուականի սեպտեմբերէն ետք Արցախէն 115.365 մարդ բռնի տեղահանուած է։