Սամուէլ Կարապետեան՝ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու
- (0)

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածուն Սամուէլ Կարապետեանն է։ Այս մասին յայտարարած է «Մեր ձեւով» շարժման համակարգող Նարեկ Կարապետեան՝ Կարէն Դեմիրճեանի անուան Մարզահամերգային համալիրին մէջ կուսակցութեան պաշտօնական շնորհանդէսին ընթացքին։
«Հայաստանը այսօր ջրբաժանի մը առջեւ կը գտնուի՝ շարունակե՞լ այս ձեւով, թէ՞ լրջօրէն ձեռնարկել վերածնունդին։ Երկիրը ութ տարի կառավարած վարչապետին սիրտը երրորդ ժամկէտ կ’ուզէ»,– ըսած է Նարեկ Կարապետեան։
Ան նաեւ հիմնաւորած է, թէ ինչպէս կարելի է այդ մէկը կեանքի կոչել, նկատի ունենալով, որ ՀՀ սահմանադրութիւնը չ՚արտօնէր Սամուէլ Կարապետեանի նման երկքաղաքացիութիւն ունեցող անձանձ ընտրուիլ վարչապետ կամ պատգամաւոր։
«Մեր Սահմանադրութիւնը ունի 148 յօդուած, որոնցմով կը սահմանուի, թէ ո՛վ պէտք է ըլլայ երկրի վարչապետը՝ փոփոխութիւնը կը կատարուի Ազգային ժողովի քուէարկութեամբ, եւ ոչ թէ սահմանադրական բարեփոխումներով»,– ըսած է Նարեկ Կարապետեան։
Ներկայացուած են հեղինակաւոր սահմանադրագէտներու հիմնաւորումները, ըստ որոնց՝ Ազգային ժողովը, առանց հանրաքուէի, կրնայ Սահմանադրութեան որոշ դրոյթներուն մէջ փոփոխութիւններ կատարել։
«Ընտրութիւններէն քսան օր ետք պիտի ներկայանանք համապատասխան օրէնսդրական փոփոխութեան որոշումով՝ լուծելու համար այս հարցը»,– ըսած է ան։
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան յունիսի 7-ին։