Միքայէլ սրբազանի կալանքը փոխարինուած է տնային կալանքով

Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ սրբազանի վերաբերեալ խափանման միջոցը փոփոխութեան ենթարկուած է։ Վերաքննիչ դատարանը ընդունած է իրաւաբաններու ներկայացուցած միջնորդութիւնը եւ կալանքը փոխարինած՝ տնային կալանքով։

Դատարանի որոշմամբ սահմանուած է տնային կալանք եւ սեփական բնակավայրի սահմաններէն դուրս գալու արգելք։ Տուեալ ժամանակահատուածի ընթացքին սրբազանին պիտի արգիլուի հիւրեր ընդունիլ, հեռախօսային հաղորդակցութիւն վարել, նամակագրութիւն կատարել եւ նման այլ շփումներ ունենալ։ Նշուած սահմանափակումները չեն վերաբերիր մերձաւոր ազգականներուն, իրաւաբաններուն, Շիրակի թեմի հոգեւոր դասի մէկ ծառայողին եւ վարչատնտեսական բաժինի մէկ աշխատակիցին։

Իրաւաբաններու խումբը միեւնոյն ժամանակ յայտարարած է, թէ Միքայէլ սրբազանի անունով դիմում ներկայացուած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան։ Գանգատը հիմնուած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական պայմանադրութեան երաշխաւորուած իրաւունքներու խախտման փաստին վրայ եւ ներկայացուած է իրաւաբաններու հրապարակած յայտարարութեան մէջ։

Դիմումին մէջ նշուած են սրբազանին անօրինական կալանաւորման վերաբերող հանգամանքները (յօդուած 5), արտայայտուելու ազատութեան խախտման դէպքերը (յօդուած 10), ինչպէս նաեւ ազատութենէ զրկումն ու քրեական հետապնդումը քաղաքական նպատակներով իրականացնելու փաստարկները (յօդուած 18)։

Յիշեցնենք, որ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի դէմ քրեական գործ յարուցուած է իշխանութեան զաւթման,երկրի տարածքային ամբողջականութեան խախտման, ինքնիշխանութենէ հրաժարելու կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելու կոչերու հրապարակման շինծու մեղադրանքներով։ Ան կալանաւորուած էր Յունիս 28-ին։

Հոկտեմբեր 3-ին առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Արմինէ Մելիքսեթեան հրապարակած էր վճիռը, Միքայէլ սրբազանը դատապարտելով երկու տարուան ազատազրկման։