Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին մէջ Արցախի ղեկավարներու ազատ արձակման վերաբերեալ բանաձեւ պիտի ներկայացուի

Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական առաջնորդներու ազատ արձակման պահանջ ներկայացնող բանաձեւ մը պիտի ներկայացուի, կը հաղորդէ «Նուվել Տ’Արմենի»-ն։ Բանաձեւը Ֆրանսա–Հայաստան բարեկամութեան խումբին անունով պիտի ներկայացնէ Լորան Վոքիէնը այսօր յետմիջօրէին։

Բանաձեւին հիմնական դրոյթները հետեւեալներն են․

  • Զօրակցութիւն Արցախի բռնագաղթուած հայ բնակչութեան, որ զրկուած է իր սեփական հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքէն։
  • Ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի ամրապնդում։ Միաժամանակ կը շեշտուի միջազգային հանրութեան պատասխանատուութիւնը՝ Ատրպէյճանէն պահանջելու ապահովել վերադարձի եւ անվտանգութեան անհրաժեշտ պայմանները։
  • Դատապարտում Արցախի Հանրապետութեան նախկին քաղաքական ղեկավարներուն դէմ իրականացուող դատավարութիւններուն եւ կամայական կալանքներուն, եւ պահանջ՝ անոնց անմիջական ու անպայման ազատ արձակման։
  • Կոչ Ֆրանսայի կառավարութեան՝ պաշտօնապէս դիմելու Ատրպէյճանին՝ իր մօտ պահուող բոլոր հայ գերիները ազատ արձակելու պահանջով։
  • Զգուշացում, որ գերիներու խնդիրը անտեսելը կրնայ վտանգել 2025 թուականի օգոստոսի 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած համատեղ հռչակագրին գործադրութիւնը։