Յարութիւն Քիւրքճեան կամ վարժեցում ազատութեան. Սփիւռքեան մտածողութիւն մը

ԳԱՌՆԻԿ Աւ․ Ք․ Գ․

«․․․ինքնախաբէութիւն չէ հաւատալ նոր գաղափարներու անզգալի, աստիճանական թափանցումին․․․»

Յ․ Քիւրքճեան

ՆԱԽԱԲԱՆ

Յարութիւն Քիւրքճեանի «Երկրորդ Հաւասարում Բազմաթիւ Անյայտներով» գրափորձը՝ սփիւռքեան մտածողութեան ծնունդին առաջին վկայութիւնն էր։ Երբ կ’ըսեմ՝ «սփիւռքեան», կը հասկնամ ո՛չ թէ յետ-Լոզանեան այն «գաղափարաբանական» գրականութիւնը, որ մշակուեցաւ Սփիւռքի օճախներու մէջ ու միջեւ, այլ այն գրականութիւնը, որ սկսաւ ինքզինք ճանչնալ՝ հակադրաբար անցեալին, եւ աւանդուած «նախագիտակից եւ նախասահմանուած ինքնութեան» (Գրիգոր Շահինեան)։ Այս հաստատումը կ’ընդունի, թէ «գաղափարաբանական»ին (այս բառին յստակացումը՝ ետքը) անդրանցման գրական փորձառութիւններ արձանագրուեցան Փարիզի մէջ, եւ եղան ատաղձը՝ գիտակից եւ ազատօրէն ընտրելի, ստեղծելի ինքնութեան։

Կ’ընդունի՝ որովհետեւ Քիւրքճեանի մտածման ծննդարանը Ֆրանսահայ Գրականութեան մէջ էր։ Նաեւ, պէտք է յիշել, Փարիզի մէջ անոր ուսանողական տարիներուն՝ Ֆրանսայի իմացական եռուն աշխարհն ու գաղափարները, եւ մանաւանդ՝ 1968-ի ուսանողական պոռթկումը։

Ֆրանսահայ Գրականութեան մասին, Գր. Շահինեան հետեւեալ ճշգրիտ բնորոշումը կատարած է․ «Բուն Սփիւռքահայ Գրականութիւնը, անիկա որ կ’արտայայտէ տարագիր հայ մարդուն նոր զգայնութիւնը եւ պառակտուած հոգին, կը ստեղծուի Ֆրանսայի մէջ։ Ո՛չ, անշուշտ, ֆրանսահայ բոլոր գրողներու գործերուն մէջ՝ առանց բացառութեան, բայց անոնցմէ ամէնէն աւելի ներկայացուցչական արժէք ունեցողներուն»։ Իսկ ինք՝ Քիւրքճեան գրած է․ «ֆրանսահայ գրականութեան հսկայ ձգտումն է եղած՝ իրեն համարկել Այլութիւնը, յաղթահարել Աղէտը, ձեւ տալ Տարասփռումին։ Իմաստաւորել Տարագրութիւնը»։ Անշուշտ այս բնորոշումը ֆրանսահայ բոլոր գրողներուն ձգտումը չէր – կարդալ իր «Շողանկարումներ Սփիւռքի Առաջին Սերունդէն» յօդուածաշարքը վերատպեալ (տե՛ս «Սփիւռք Եւ Ինքնացում» հատորը)։

Ի սկզբանէ, Քիւրքճեանի հոգն էր իմանալ սփիւռքեան փորձառութեան մէջ ներկայ իրականութեան, այժմին եւ օտարին գիտակցութիւնը, եւ առաջադրել՝ նոր ուղի մը։ Մինչ ոմանց կեցուածքներուն մէջ կը յամենար ներկայ իրականութեան (իրականութիւններուն), այժմին, եւ օտարին մերժումը, եւ դեռ կը յամենայ, Քիւրքճեան այն մերժումներուն զանցումը կատարած եւ արձանագրած էր։

1968-ի ուսանողական պոռթկումին մասնակից մըն ալ ինքն էր՝ Քիւրքճեան։

«Յառաջ» 18 Մայիս 1968-ի իր թիւին մէջ, «Ուսանողական Տագնապը» վերնագրութեամբ գրութեամբ՝ հետեւեալը կ’ըսէր․- Տագնապը նոր չէր անշուշտ, ինչ որ նոր է՝ ստացած բնոյթն է։ Օրերու ընթացքին, ոչ ոք կրցաւ զսպել ծայրայեղութիւնները, եւ իրար խառնուեցան համալսարանական անհրաժեշտ բարեփոխման հարցը, չինական «մշակութային յեղափոխութիւն»ը, բանուորական դժգոհութիւնները, ու քաղաքական շահագործումները։

Քիւրքճեան 1968-ի դէպքին նշանակութիւնը այսպէս բացատրած է․ «Մայիսը եկաւ, եւ Փարիզը բռնկեցաւ ուսանողական շարժումով։ Լաւագոյն ընկերութեան մը, լաւագոյն մարդկութեան մը տեսլականով գրաւուած երիտասարդութիւն մը մէկ օրէն միւսը ըրաւ գիւտը այն շլացուցիչ ու բացայայտ ճշմարտութեան, թէ՝ իր ներկան լեցուն է կարելիութիւններով, թէ իր ապագան, մարդկութեան ապագան, նոյնինքն պատմութիւնը՝ իր ձեռքերուն մէջ ձեւաւորելի կաւ է ու նախանիւթ։ Գիւտը՝ լեցուն ներկայութեան մը իր մէջ, զինք բաղկացնող իւրաքանչիւր անհատի մէջ։ (…) Կային անհատներ՝ իրենց ներկային, իրենց Կացութեան հետ ճակատ ճակատի, անոր յեղափոխումի հրամայականին ունկնդիր»։

Դէպքին թոհուբոհին մէջ, Փարիզի հայ ուսանողները կազմակերպած էին երեկոյ մը, որ նուիրուած էր Նիկողոս Սարաֆեանի։ Այն առիթով, հայ ուսանողներու միութեան կողմէ խօսք առած էր Քիւրքճեան, եւ ըսած՝ թէ հայ ուսանողները ելած են փնտռելու գրական սերունդ մը, որուն ամէնէն հարազատ ներկայացուցիչներէն մէկն էր Սարաֆեան։ Սա կը նշանակէ, թէ ուսանող երիտասարդութիւնը ելած էր փնտռելու գաղափարներու եւ միտքերու այնպիսի աշխարհ մը, որ իր իրողական կացութեան մէջ՝ ըսելիք ունէր իրեն։

Ի՞նչ ըսած էր, կ’ըսէր եւ կ’ըսէ Սարաֆեան։

Ըստ սփիւռքեան «վաւերական» քերթողին, «տարաշխարհ»ը՝ ալ «իբր իրական, դրական ներկայութիւն» է հայութեան համար։ Այս վիճակին մէջ ինչպէ՞ս ըլլալ։ «Ճամբորդ մ’աղքատ»։ Ճամբորդ մը, որ պէտք չէ ետ դառնայ, եթէ չ’ուզեր «քարանալ Ղովտի կնոջ պէս»։ Քերթողին ետ չդառնալու պատգամը չի վերաբերիր անցեալին կամ անոր աւանդին ուրացումը, այլ պատգամ մըն է չյանձնուելու բրածոյացած գաղափարներու, ընկալումներու, միտքերու, գաղափարաբանութեանց։ Անոնցմէ աղքատանալն է, որ կարելի կը դարձնէ ըստ նոր կացութիւններուն նորաբանումը աւանդութեամբ։ Սփիւռքեան գոյութիւնը ստեղծել։ Սարաֆեան «Բան»էն (հասկնալ՝ ամենատեսակ «բաներ»ը) առաջ ու աւելի՝ Գոյ կը ստեղծէ», գրած է Քիւրքճեան, Սարաֆեանի մասին։ Գոյն ստեղծելը՝ ապրիլ է Ներկան, անոր Այժմէութիւնը «այնքան վաւերականութեամբ», որ կարելի ըլլայ նոր որակ մը փնտռել, եւ ըստ այն փնտռտուքին՝ ճանչնալ ինքզինք, արարել ինքզինք։

Քիւրքճեանի համաձայն, Սարաֆեան տեսանող մըն էր, որ մատնանշած էր «վերապրումի ուղին», ըսելով․ «Հայ ոգին՝ ես ինծի նմանցուցած եմ միշտ նաւաբեկութենէ մը ազատող Ռոպէնսոնին։ Անիկա պիտի գիտնայ ինքզինք պաշտպանել ու խրճիթը շինել զանազան բեկորներով… Այս սերունդը պէտք է նետէ պահպանողականութիւնը, ծուլութիւնը… պէտք է գիտնայ բացառիկ բախտը, որ ազգային դժբախտութիւնը տուաւ իրեն՝ գաղթը։ … Փախաւ, սահեցաւ մեր հայրենիքը մեր ոտքերուն տակէն, ծովին տալով մեզ։ Բայց լաւագոյն առիթն է աս՝ լողալ սորվելու համար։ Մեզի կը մնայ սուզուիլ՝ առանց երկար-բարակ չափելու, առանց վախի»։

Քիւրքճեանի նախընտրած բառով՝ «Տարաշխարհ»ը, կամ ըսենք՝ Սփիւռքը ձեւաւորելի է։ Զայն նոր որակով ձեւաւորելու գրաձայնող մըն էր ան։

(Շարունակելի 1)