Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը որոշեց Փետրուարին գումարել Եպիսկոպոսաց ժողովը

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի նախագահութեամբ, յունուար 13-ին գումարուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հերթական ժողովը։

Որոշուեցաւ նախորդ տարուան վերջաւորութեան հրաւիրուած եւ ժամանակաւորապէս յետաձգուած Եպիսկոպոսաց ժողովը կազմակերպել Փետրուար ամսուան ընթացքին։ Օրակարգին մէջ ընդգրկուած հարցերը կը վերաբերէին Եկեղեցւոյ կառավարման, կանոնակարգման եւ կարգապահական ոլորտներուն։

Ժողովե շեշտեց, որ «ներեկեղեցական հակադրութիւններու» մասին շրջանառուող թեզը արհեստական բնոյթ ունի եւ կը ծառայէ իշխանութիւններուն՝ Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն մէջ ապօրինի միջամտութիւնները օրինականացնելու նպատակին։ Միաժամանակ արձանագրուեցաւ, որ 2025 թուականի Մայիս ամսուան վերջերէն սկսեալ, պետական կողմէ նախաձեռնուած հակաեկեղեցական արշաւը ստացեր է համակարգուած բնոյթ՝ ուղեկցուելով սահմանադրութեան հակասող գործողութիւններով, քրեական հետապնդումներով եւ հոգեւորականներու նկատմամբ ճնշումներով։

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը երախտագիտութիւն յայտնեց հաւատաւոր ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ այն կառոյցներուն եւ անհատներուն, որոնք օրէնքի սահմաններուն մէջ ցուցաբերեցին վճռական աջակցութիւն՝ պաշտպանելով Եկեղեցւոյ իրաւունքները։ Խորհուրդը անընդունելի համարեց Հայ Եկեղեցւոյ՝ քաղաքականութեան մէջ ներգրաւուած ըլլալու մեղադրանքները՝ մերժելով իշխանութեան կողմէ արհեստական օրակարգերով Եկեղեցւոյ քաղաքական գործընթացներու մէջ ներքաշելու փորձերը, որոնք սպառնալիք կը հանդիսանան ազգային միասնականութեան։

Խորհուրդը նաեւ խոր մտահոգութիւն արտայայտեց տասը եպիսկոպոսներու որդեգրած պառակտիչ վարքագիծին, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հասցէին անոնց կողմէ հնչեցուած մեղադրական յայտարարութիւններուն առնչութեամբ։ Ժողովականները առանձնայատուկ խստութեամբ դատապարտեցին այդ եպիսկոպոսներուն միանալը՝ վարչապետի հովանաւորութեամբ նախաձեռնուած «Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բարենորոգման ծրագիր»-ին, ինչպէս նաեւ թեմակալ առաջնորդներու կողմէ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներու, ուժային եւ իրաւապահ կառոյցներու մասնակցութեամբ, հոգեւորականներու նկատմամբ գործադրուած ապօրինի ճնշումներն ու սպառնալիքները։

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը կոչ ուղղեց հոգեւորականութեան՝ մերժելու անօրինական պարտադրանքները եւ իրենց առաքելութիւնը իրականացնել Հայ Եկեղեցւոյ կանոնակարգին հաւատարիմ մնալով։