ՄԻՇՏ ՁԵԶԻ ՀԵՏ. Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Միհրան Փափազեան կոմիտէի
- (0)

Կը տեղեկացնենք յարգոյ հասարակութեան, թէ 2026-ը կը զուգադիպի Մոնթրէալի ՀՅԴ Միհրան Փափազեան կոմիտէութեան 70-ամեակին։
Անկասկած այս անցնող 70 տարիներուն նշանակալից եղած է մեր կոմիտէութեան դերակատարութիւնը մեր շրջանի հայութեան համայնքային կեանքի կազմակերպման, մեր ուղեկից ու գործակից զանազան կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու յառաջացման ու գործունէութեան զարգացման մէջ՝ ըլլա՛յ Հայ դատի հետապնդման, ըլլա՛յ կրթա-մշակութային, ըլլա՛յ ընկերային, ըլլա՛յ երիտաարդական-մարզական ոլորտներու առումով։
Առ այդ, որոշած ենք պատշաճօրէն ու զանազան նախաձեռնութիւններով նշել այս 70-ամեակը՝ «Միշտ ձեզի հետ » բնաբանով, ոչ միայն մեր անցած ուղին եւ իրագործումները վերյիշելով, այլեւ մեր հայեացքը ուղղելով դէպի գալիքը ու մեր նոր մարտահրաւէրները։ Յաջորդական հաղորդագրութիւններով հանրութիւնը տեղեակ պիտի պահենք մեր կատարելիք աշխատանքներուն՝ ունենալով վերոյիշեալ կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու գործակցութիւնն ալ։
Աւելցնենք, որ այս տարին կը զուգադիպի նաեւ ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան-երիտասարդական միութիւններու 70-ամեակին, օրին ՀԵԴ անունին ներքեւ, եւ այդ յոբելեանը եւս պիտի տօնուի յարմար ձեւով։
Կը յուսանք վայելել բոլորին աջակցութիւնը՝ մեր աշխատանքները յաջողութեամբ պսակելու համար՝ ի խնդիր մեր համայնքի յաւելեալ ծանօթացման ու հզօրացման։
ՀՅԴ Միհրան Փափազեան կոմիտէ