«Արցախի ու արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւոր գործին մէջ մենք կը մնանք վճռակամ եւ պիտի շարունակենք կանգնիլ արցախցի մեր հայրենակիցներուն կողքին». Խորէն Տիմիթեան
- (0)

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Հորիզոն»-ի ամանօրեայ ամփոփիչ հարցազրոյցը ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի հետ։
Հ.- Անցնող տարուան ընթացքին մեր գաղութի կառոյցներու ու կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը ծաւալուն էր: Ինչպէ՞ս կ՚արժեւորէք այդ գործունէութիւնը։
Խ.Տ.- ՀՅԴ Գանատայի կազմակերպական կառոյցին, ինչպէս նաեւ մեր քոյր միութիւններուն համար 2025-ը եղաւ զբաղ ու արդիւնաւէտ տարի մը։ Ինչպէս նշած էինք անցեալին, յատկապէս կարեւոր հրամայական մըն էր դուրս գալ վերջին տարիներու Արցախի կորուստի պատճառով ստեղծուած յուսախաբութեան իրավիճակէն ու անցնիլ գործնական ու նպատակասլաց աշխատանքի։ Կրնամ ըսել, որ այս ուղղութեամբ յստակ քայլերու ձեռնարկեցինք, որոնց դրական արդիւնքը այսօր կըտեսնենք։
Այս առումով, գանատահայութեան համար 2025-ը եղաւ բեղուն գործունէութեան ու բովանդակալից իրագործումներու տարի մը։ Այսօր մեր համայնքը կարելի է ամենայն վստահութեամբ բնութագրել իբրեւ աշխոյժ ու կազմակերպուած համայնք, հաստատապէս կառչած իր ինքնութեան, արժէքներուն, լեզուին ու մշակոյթի պաշտպանութեան ու զարգացման։
Այս բոլոր աշխատանքները իրականացնելու եւ յաջողութեամբ պսակելու համար, յատկապէս ուշագրաւ ձեռքբերումներ եղան մեր կազմակերպած համագանատական դրամահաւաքները։ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին առթիւ մեր կազմակերպած դրամահաւաքին յաջողեցանք գոյացնել 107,000 տոլար, որ մեծապէս պիտի նպաստէ մեր պաշտօնաթերթը առաւելաբար առցանց լրատուամիջոցի մը վերածելու ծրագրին։ Նոյնքանով կարեւոր էին Հայ Դատի յանձնախումբին աշխատանքներուն ի նպաստ կազմակերպուած հանգանակային ձեռնարկները, որոնցմէ գոյացաւ մօտաւորապէս 350,000 տոլար, որ իր կարգին պիտի նպաստէ յանձնախումբի յարաբերական կարեւոր աշխատանքի շարունակութեան, երիտասարդութեան քաղաքականացման ուղղուած մեր տարատեսակ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի ի խնդիր տարուող քարոզչական յոյժ կարեւոր աշխատանքին։ Այս բոլորը իրականացաւ շնորհիւ մեր ժողովուրդի անվերապահ աջակցութեան ու վստահութեան։
Հ.- Արցախահայութեան աջակցութեան համար ի՞նչ ծրագիրներ մշակուեցան ՀՅԴ Գանատայի կառոյցին եւ ուղեկից կազմակերպութիւններուն կողմէ անցնող տարուան ընթացքին։
Խ.Տ.- Նախ ըսեմ, որ Արցախեան հիմնահարցն ու արցախահայութեան իրաւունքները բացարձակ առաջնահերթութիւններ են մեզի համար։ Մեր տրամադրած նիւթաբարոյական աջակցութեան կողքին, Հայ Դատի յանձնախումբի յարաբերական եւ քարոզչական աշխատանքներու շրջանակէններս մենք նաեւ մեծ աշխատանք տարած ենք Արցախի հիմնահարցն ու բռնի տեղահանուած մեր ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքները գանատական քաղաքական օրակարգին վրայ պահելու։ Քաղաքական մեր բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին հետեւողականօրէն շեշտած ենք արցախահայութեան ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքի հրամայականը, ինչպէս նաեւ Արցախի մշակութային ու պատմական ժառանգութեան պաշտպանութեան հրատապ անհրաժեշտութիւնը, հայ գերիներու ազատ արձակումը եւ շարք մը այլ կարեւոր հարցեր։
Ինչ կը վերաբերի բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու ծրագիրներուն՝ մենք յաջողեցանք շարք մը կարեւոր նախաձեռնութիւններ իրականացնել անցնող մէկ տարուան ընթացքին, ուղղուած անոնց կենսական պայմաններու բարելաւման։ Այս ուղղութեամբ մօտէն համագործակցեցանք Հայ Օգնութեան Միութեան հետ, որ հսկայական աշխատանք տարած է եւ կը շարունակէ տանիլ այս առումով։ Միայն անցնող տարուան ընթացքին, ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանը անհրաժեշտ նիւթական աջակցութիւն տրամադրած է արցախահայ որբերու կարիքներուն եւ կրթաթոշակներ շնորհած է արցախահայ քսան ուսանողներու։
Արցախի ու արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւոր գործին մէջ մենք կը մնանք վճռակամ եւ պիտի շարունակենք կանգնիլ արցախցի մեր հայրենակիցներուն կողքին՝ բոլոր հնարաւոր միջոցներով։

Հ.- ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական, պատանեկան շարքերը ի՞նչ ծրագիրներ իրագործեցին 2025 թուականին, յատկապէս անդրադառնանք ՀՅԴ ԳԵՄ-ի աւանդական դարձած Վանաձորի ճամբարին եւ Պատանեկան Միութեան դաստիարակչական բանակումներուն։
Խ.Տ.- Մեր երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւնները կը մնան մեր համայնքի կազմակերպական կարեւորագոյն օղակներէն մէկը։ Անոնց ներուժը, մեր ազգային գերագոյն նպատականերուն ծառայելու պատրաստակամութիւնն ու հայրենիքի հանդէպ տածած սէրը պէտք է դառնան ներշնչման աղբիւր բոլոր գանատահայերուն համար։
ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպած «Վանաձորի Ճամբար»-ը այս տարի եւս բոլորեց յաջող տարի մը։ Երկու շաբթուան վրայ երկարող այս ճամբարին ընթացքին հայրենի երիտասարդներ ու պատանիներ առիթը ունեցան ընկերանալու իրենց հասակակիցներուն հետ եւ մասնակցելու կրթական ծրագիրներու, որոնք նուիրուած էին մեր լեզուին, մշակոյթին եւ ազգային արժէքներուն։ Ճամբարը կը կազմակերպուի ամէն տարի՝ ամբողջովին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Երիտասարդական Միութեան կողմէ, իր 17 ԳԵՄ-ական նուիրեալ վարիչներով, որոնք իրենց ժամանակն ու եռանդը կը տրամադրեն, որպէսզի այս երեխաները վայելեն իմաստալից եւ յիշարժան օրեր։
ԳԵՄ-ը նաեւ շարունակեց իր ընթացիկ աշխոյժ գործունէութիւնը՝ կազմակերպելով զանազան դաստիարակչական, քարոզչական եւ քաղաքական բնոյթի ձեռնարկներ, որոնցմէ կարեւորագոյնը կարելի է համարել ԳԵՄ-ի համագանատական տարեկան սեմինարը, որուն այս տարի մասնակցեցան աւելի քան 150 անդամներ։
Մեր Պատանեկան միութիւնը եւս ունեցաւ աշխոյժ եւ արդիւնաւէտ տարի մը։ Բացի իր յաջող համագանատական դաստիարակչական սեմինարը կազմակերպելէ, Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը Մոնթրէալի մէջ կազմակերպեց «ՀՅԴ Պատանիներու Տարածաշրջանային խորհրդաժողովը», նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի եւ հովանաւորութեամբ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէին։ Միութիւնը նաեւ կազմակերպեց «Համագանատական Վարիչներու Վերաորակաւորման Լսարան-Սեմինար», որուն նպատակն էրպատրաստել գալիք սերունդի վարիչ ղեկավարները։
Հ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը Գանատայի մէջ արթուն պահակն է գանատահայութեան, հայ ժողովուրդին, Հայաստանի եւ Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան առնչութեամբ եւ իր յանձնառութեան հաւատարիմ՝ յառաջ կը տանի իր առաքելութիւնը։ խնդրեմ անդրադարձէք այն կարեւոր իրադարձութիւններուն, որոնք իրագործուեցան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ։
Խ.Տ.- Հայ Դատի քաղաքական առաջնահերթութիւններուն ի խնդիր տարուող հաւաքական պայքարին մէջ, մեր Օթթաուայի գրասենեակն ու շրջանային յանձնախումբը մեծ դերակատարութիւն ունեցան ու պիտի շարունակեն ունենալ։ Հակառակ մեր առջեւ ծառացած բազմաթիւ դժուարութիւններուն, յանձնախումբի ռազմավարական, կարգապահ եւ հետեւողակ անաշխատանքը յանգեցուց նշանակալի ձեռքբերումներու։
Հայաստանի ու Արցախի վերաբերող գրեթէ բոլոր հարցերուն ուղղութեամբ, Գանատայի պետութեան կողմէ որդեգրուած հասցէագրուած ու համեմատաբար հայամէտ դիրքորոշումը ուղղակի արդիւնքն է Հայ Դատի յանձնախումբի տարած աշխատանքին։ Այս ուղղութեամբ Գանատայի պետութիւնը բազմիցս կոչ ուղղած է ատրպէյճանական իշխանութիւններուն՝ յարգել Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը, թոյլ տալ արցախահայութեան վերադարձին, ազատ արձակել հայ ռազմագերիները եւ պաշտպանել Արցախի պատմամշակութային ժառանգութիւնը։ Նաեւ հարկ է նշել, որ առայժմ Գանատան կը հանդիսանայ միակ պետութիւնը, որ տակաւին կը պնդէ, թէ Արցախեան հիմնահարցը չէ լուծուած եւ կարիքը ունի բանակցուած քաղաքական լուծման, որ նաեւ պէտք է հիմնուած ըլլայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին վրայ։ Այս մէկը շատ կարեւոր հանգամանք է։
Վերոնշեալ հարցերուն կապակցութեամբ, պետական առաջին դեմքերու յայտարարութիւնները եղած են համապարփակ եւ հետեւողական։ Վարչապետ Քարնիի Ապրիլ 24-ի պատգամը հանդիսացաւ մինչ այժմ Գանատայի բոլոր վարչապետներուն կողմէ հնչած ամենահասցէագրուած ու միանշանակ յայտարարութիւնը, իսկ նախարար Անիտա Անանդի Օգոստոս 10-ի յայտարարութիւնը լայն առումով վերահաստատեց Գանատայի սկզբունքային դիրքորոշումը։ Նաեւ հարկ է նշել, որ խորհրդարանական ընդդիմադիր բոլոր կուսակցութիւնները եւս որդեգրած են հայամէտ կեցուածքներ։
Գործնական գետնի վրայ եւս Գանատան ձեռնարկեց կարգ մը քայլերու, սակայն բնական է, որ մենք կ’ակնկալենք աւելին։ Այս ուղղութեամբ Գանատան շարունակեց իր մասնակցութիւնը բերել Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան՝ որպէս միակ ոչ-եւրոպական երկիրը։ Նաեւ Պաքուի մէջ ՄԱԿ-ի կենսոլորտի պահպանման վեհաժողովի 29-րդ նստաշրջանին Գանատայի պատուիրակութիւնը պաշտօնապէս կոչ ուղղեց ատրպէյճանական իշխանութիւններուն՝ ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները։
Անցնող տարին նաեւ յատկանշական էր Հայ Դատի բարեկամներու ցանցի եւ յարաբերական աշխատանքներու ընդլայնմամբ։ Արտագին Գործոց նախարարութեան, վարչապետին եւ այլ նախարարութիւններու գերատեսչութեանց ու պետական հաստատութիւններու մօտ նոր կապերու մշակումը մեծապէս նպաստեցին մեր օրակարգային առաջնահերթութիւններուն յառաջ մղումին։ Այս առումով յատկապէս հարկ է նշել վարչապետ Քարնիի հետ մեր ունեցած հանդիպումը՝ գլխաւորութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Կարեւոր իրադարձութիւն էին նաեւ գարնան տեղի ունեցած համապետական ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին ունեցանք հայազգի թեկնածու, իսկ Հայ Դատի զօրակցած թեկնածուներուն 75 տոկոսը կրցան յաղթանակ ապահովել։
Բնականաբար, այս բոլոր աշխատանքները կը պարտինք մեր կամաւորներու փաղանգին եւ համակիրներու նիւթաբարոյական զօրակցութեան ու վստահութեան։ Անոնց ցուցաբերած անվերապահ աջակցութեան իբրեւ արդիւնք՝ յաջողութեամբ պսակուեցան այս տարուան Հայ Դատի հանգանակութիւնները, որոնց ընթացքին նաեւ յայտարարեցինք յանձնախումբին նախկին վարիչ տնօրէն Ռուբէն Գոյումճեանի անուան կրթաթոշակի ծրագիրը, ինչպէս նաեւ զանազան այլ նախաձեռնութիւններ, որոնք նպատակ ունին զարկ տալ գանատահայ երիտասարդութեան քաղաքականացման աշխատանքներուն։
Հարցազրոյցը վարեց Սեւակ Պէլեան