Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիները հեռաձայնային կապ հաստատած են իրենց հարազատներուն հետ
- (0)

Դեկտեմբեր 17-19-ի ընթացքին, Պաքուի մէջ ապօրինաբար կալանաւորուած հայ գերիները հեռաձայնային կապ հաստատած են իրենց հարազատներուն հետ։ Այս մասին MediaHub-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու իրաւապաշտպան-ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեան։
«Հարազատներուն հետ խօսակցութեան ընթացքին անոնք չեն կրցած շատ մանրամասն տեղեկութիւն փոխանցել, սակայն անոնցմէ շատերը դժգոհութիւն յայտնած են իրենց առողջական վիճակէն՝ շնչառական եւ սիրտ-անոթային խնդիրներու առկայութեան մասին», MediaHub-ի հետ զրոյցին աւելցուց Սահակեան։
Ըստ Սահակեանի փոխանցած տեղեկութիւններուն, Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին չէ յաջողած իր տարածաշրջանային աշխատակիցներուն միջոցով մուտք գործել եւ դիտարկել բանտարկեալներուն վիճակը։
«Մենք տակաւին նոյեմբերէն ի վեր Եւրոպական դատարանին միջոցով տեղեկութիւններու կը սպասենք։ Ատրպէյճանը մէկ անգամ արդէն երկարաձգած է ժամկէտը՝ խնդրելով յաւելեալ ժամանակ, նկատի ունենալով ներկայացուելիք նիւթերու մեծածաւալ բնոյթը։ Այս խնդրանքը բաւարարուած էր դատարանին կողմէ», նշեց Սիրանուշ Սահակեան։
Ան նաեւ աւելցուց, որ ներկայիս ժամկէտը կրկին երկարաձգուած է փաստաթուղթերու թարգմանութեան պատճառաբանութեամբ, սակայն դատարանը վերջնական ժամկէտ սահմանած է՝ մինչեւ Յունուար 1։
Անդրադառնալով դատավարութիւններուն՝ Սահակեան նշեց, որ անոնք աւարտական փուլին մէջ կը գտնուին, եւ այս պահուն հայ ամբաստանեալներուն վերջին խօսքերը կը հնչեցուին։ Ամէնայն հաւանականութեամբ Յունուարին պիտի հրապարակուին նախապէս կանխորոշուած դատավճիռները։