Մենք ստիպուած ենք պաշտպանելու Վեհափառը եւ եկեղեցին. Սաղաթելեան

«Մենք չենք միջամտեր եկեղեցւոյ ներքին գործերուն, այլ թուրքերու, թշնամիներու եւ սադրիչներու դէմ կը պաշտպանենք Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին»,– Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան։

Ան նշեց, որ իրենք պիտի պաշտպանեն եկեղեցին մինչեւ վերջ. «Այսպէս պիտի կանգնինք ու պիտի պաշտպանենք, չենք արտօներ, որ սադրիչները յարձակին կամ թիրախաւորեն մեր եկեղեցին. մենք Էջմիածնի մէջ ստիպուած ենք պաշտպանելու Վեհափառը եւ եկեղեցին»։

Սաղաթելեան շեշտեց, որ իշխանութիւնը եկեղեցւոյ դէմ մղուած պայքարին մէջ յաջողութեան պիտի չհասնի, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք, որոնք ընդհանրապէս եկեղեցւոյ դէմ ելած են։