Սուրբ Էջմիածնի Մէջ Սկսած է Գերագոյն Հոգևոր Խորհուրդի Ժողովը

Նոյեմբերի 4-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, սկսաւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի հերթական ժողովը։

Ժողովի օրակարգին մէջ ընդգրկուած են հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, հակաեկեղեցական արշաւը, ապօրինաբար բանտարկուած եկեղեցականներուն եւ հայորդիներուն նկատմամբ ընթացող դատական գործընթացները եւ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող գերիները, Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան ու ազգային ինքնութեան պահպանումը, եկեղեցւոյ վարչական ու կարգապահական հարցերը, ինչպէս նաեւ Նուիրապետական Աթոռներուն եւ թեմերուն գործունէութեան վերաբերող խնդիրները։

Նշենք, որ վերջին շրջանին եկեղեցւոյ եւ պետութեան միջեւ ստեղծուած լարուածութիւնը աւելի թեժացած է՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վարած հակաեկեղեցական քաղաքականութեան, ապօրինի կալանաւորումներուն եւ անոր անհիմն ու անտեղի ցեխարձակումներուն պատճառով։