Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հանքաւանի Վերանորոգուած «Շողիկ» Ճամբարի Հանդիսաւոր Բացումը

Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը վերջերս Հայաստանի` Հանքաւանի «Շողիկ» ճամբարի սրահին մէջ կատարեց իր նորոգուած համալիրի նուիրուած պաշտամունքը: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան` բարերարներ, աւետարանչականի ղեկավարներ` Միացեալ Նահանգներէն, ներառեալ` գործադիր տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեան եւ վարչութեան նախագահ իրաւաբան Կերի Ֆիլիփս, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցիի անդամներ` Երեւանէն եւ այլ քաղաքներէ:

2003-ին գնուած Հանքաւանի «Շողիկ» ճամբարը երկար տարիներ ծառայած է իբրեւ հանգիստի, ուսման եւ հոգեւոր աճի վայր` Հայաստանի տարբեր շրջաններէն եկող մանուկներուն եւ երիտասարդներուն համար: Վերանորոգուած համալիրը պիտի շարունակէ այս առաքելութիւնը` յառաջիկայ սերունդներուն համար:

Պաշտամունքը ընդգրկեց Սուրբ Գիրքի ընթերցումներ եւ աղօթքներ` առաջնորդութեամբ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ աւագ հովիւ վերապատուելի Աւետիք Խաչատրեանի, ՀԱԵ խորհուրդի նախագահ վերապատուելի Վարդան Աբինեանի եւ Եւրասիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի դոկտոր Ռընէ Լեւոնեանի:

Աւստրալիոյ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ վերապատուելի դոկտոր Գրիգոր Եումշաճըքեան մատուցեց օրուան պատգամը` «Նուիրուած Աստուծոյ» խորագրով, հիմնուած` Աստուածաշունչի Յեսու գիրքի 3. 5 համարին վրայ, յիշեցնելով ներկաներուն, որ ճամբարին առաքելութիւնը Աստուծոյ է եւ պէտք է մնայ քրիստոսակեդրոն: «Ճամբարները կու գան ու կ՛երթան, շէնքերը կը քայքայուին, ծրագիրները կը փոխուին, բայց Աստուծոյ գործը կը շարունակուի հաւատարիմ եւ նուիրեալ սրտերու միջոցով», ըսաւ ան:

Ճամբարին նուիրուած պաշտամունքի արարողութիւնը կատարեց վերապատուելի դոկտոր Յարութիւն Սելիմեան` Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի նախագահը, որ պաշտօնապէս առանձնացուց ճամբարը` «Ամենակալ Աստուծոյ պաշտամունքի եւ ծառայութեան համար»: Իսկ ներկաները միաձայն պատասխանեցին. «Կը նուիրենք այս հողը Աստուծոյ` Իր փառքին եւ ծառայութեան համար»:

Պաշտամունքէն ետք ներկաներուն միացան` Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան, Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արսէն Թորոսեան, Հայաստանի սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան եւ Հայաստանի վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Լիլիթ Մակունց, որոնք մասնակցեցան ժապաւէնը կտրելու արարողութեան եւ յաջորդող յատուկ յայտագրին:

Աւետարանչականի Հայաստանի ներկայացուցիչ Արէն Տէյիրմենճեան  շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն` նշելով, որ վերանորոգուած համալիրը վկայութիւնն է ընկերակցութեան անսասան առաքելութեան` հաւատքի, կրթութեան եւ ծառայութեան ամրապնդման Հայաստանի մէջ:

Աւետարանչականի Վարչական խորհուրդի նախագահ իրաւաբան Կերի Ֆիլիփս անդրադառնալով վերանորոգուած ճամբարի վերաբացումին` նշեց. «Ճամբարը այն վայրն է, ուր մանուկներն ու երիտասարդները կը հանդիպին Քրիստոսին, կը կազմեն մնայուն բարեկամութիւններ եւ կը սկսին հաւատքի ու ծառայութեան կեանք մը», աւելցնելով, որ Հանքաւանի ճամբարի վերանորոգութիւնը կը վերահաստատէ աւետարանչականի առաքելութիւնը` «Կերտել կեանքեր Քրիստոսի վրայ հիմնուած` դաստիարակելով սրտեր, ձեւաւորելով նկարագիրներ եւ պատրաստելով նոր սերունդներ` իրենց հաւատքը ապրելու Հայաստանի մէջ եւ անոր սահմաններէն անդին»:

Իր խօսքին մէջ աւետարանչականի գործադիր տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեան ընդգծեց աւետարանչականի խոր նուիրուածութիւնը հայրենիքին հանդէպ` ըսելով. «Ասիկա այն հողն է, ուրկէ սկիզբ առին մեր նախահայրերը, եւ` այն տունը, դէպի ուր մեր սիրտն ու հոգին անդադար կ՛ուղղուին: Եւ այստեղ` հայրենիքին մէջ, մենք ամէնէն խորունկ պատասխանատուութիւնը կը զգանք` զօրացնելու մեր ժողովուրդի ապագան եւ նոր կարելիութիւններ տալու յառաջիկայ սերունդներուն»:

Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներու գնահատանքի խօսքերով, որոնք արտայայտեցին իրենց երախտագիտութիւնը աւետարանչականի մնայուն ազդեցութեան համար` հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: