Դաշնակցութիւնը «Յաղթանակ» Դաշինքով Պիտի Մասնակցի Վաղարշապատ Աւագանիի Ընտրութիւններուն

ՀՅԴ Էջմիածինի «Վաչէ Ջոստոմեան» կոմիտէն հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ տեղեկացնելով, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի մասնակցի 16 Նոյեմբերին տեղի ունենալիք Վաղարշապատ խոշորացուած համայնքի աւագանիի ընտրութիւններուն՝ «Յաղթանակ» դաշինքով: 

«Յաղթանակ» դաշինքի նախընտրական ցանկը կը գլխաւորէ Սեւակ Խաչատրեան:

«Կարեւորելով համայն հայութեան հոգեւոր մշակութային  կենտրոն հանդիսացող մեր համայնքին զարգացում, արդարութիւն ու հոգատարութիւն բերելու յանձնառութիւնը, գիտակցելով համապետական ընտրութիւններից առաջ Վաղարշապատ խոշորացուած համայնքի ընտրութիւնների կարեւորութիւնը, կոչ ենք անում՝

«- Էջմիածնի, Ոսկեհատի սիրելի  բնակիչներին՝  մասնակցել սպասուող ընտրութիւններին եւ, իրենց ձայնը վստահելով պատասխանատու ուժերին, կանխել մեր ինքնութեան դէմ արշաւներն ու համայնքի համար բացել զարգացման նոր էջ,

«- ընդդիմադիր բոլոր ուժերին՝ գործել յանունի տրամաբանութեամբ, բացառել իշխող ուժի հետ նախընտրական կամ յետընտրական որեւէ համագործակցութիւն եւ ամբողջ ջանքերը ներդնել յաղթանակի կերտման համար», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ: