Արցախի Ցեղային Զտումէն Երկու Տարիներ Ետք Խորհրդաժողով՝ Ֆրանսայի Խորհրդարանին Մէջ

19 Սեպտեմբեր 2023ին, Ատրպէյճան լայնածաւալ ռազմական յարձակում մը գործեց Արցախի Հանրապետութեան վրայ` թիրախ դարձնելով բնակչութիւնը եւ ենթակառոյցները, որուն պատճառով արձանագրուեցան բազմաթիւ զոհեր: Ստեփանակերտ, Ասկերան, Մարտակերտ եւ այլ բնակավայրեր ենթարկուեցան ռմբակոծման: Տասը ամիսներ տեւած ամբողջական շրջափակումին աւարտէն ետք, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը բռնակցեցին Արցախը, ինչ որ պատճառ դարձաւ արցախահայերու բռնի տեղահանութեան եւ ցեղային զտումի: Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցչութիւնը:

Այս ողբերգական իրադարձութիւնները յիշելու եւ անոնց քաղաքական ու իրաւական հետեւանքները քննարկելու նպատակով, Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ խորհրդաժողով մը՝ «Արցախ (Լեռնային Ղարաբաղ), ցեղային զտումէն երկու տարիներ ետք» նիւթով: Նախաձեռնութիւնը կ՛իրականանայ պատգամաւոր, Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ Էմանուէլ Մանտոնի ճիգերով։

Խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ եւ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, դիւանագէտներ, համալսարանականներ եւ լրագրողներ:

Խորհրդաժողովը նպատակ ունի բարձրաձայնել Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, փաստարկել տեղի ունեցած ցեղային զտումը եւ քննարկել տարածաշրջանի ապագային վերաբերող քաղաքական ու իրաւական հեռանկարները: