«Երգող Արցախ» Եւ Շուշիի «Վարանդա» Երգչախումբը

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Օգոստոս ամսուն, այգիիս բերքահաւաքի թէժ հանգրուանին, յաջողեցայ փոքր դադար մը առնելով, հնգօրեայ այցելութիւն մը տալ հայրենիք` Հայաստան:

Այցելութեանս շարժառիթը Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կարեւոր որոշումներէն` «Համազգայինի շքանշան»-ով մեծարել ու պատուել ծննդավայրիս` Քեսապի զաւակ, վաստակաւոր մանկավարժ, ազգագրագէտ, բանահաւաք, լեզուաբան, բառագէտ, գրականագէտ… եւ տասնամեակներու ուսուցիչ- դասախօս դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանը:

Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանը այսօր հանդիսացած է արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան լծուած գլխաւոր մասնագէտներէն, ուստի զայն մեծարելն ու պատուելը հրամայական ու պատիւ էր Համազգայինին ու որպէս քեսապցի` նաեւ անձիս:

Կեդր. վարչութեան ընկերներս դոկտ. Յակոբը ներկայացնելու ու անոր մեծարման հանդիսութեան բանախօսելու «քաղցր բեռը» դրած էին ուսերուս:

Մեծարանքի ու շքանշանի տուչութեան հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի շէնքին սրահին մէջ:

Խուսափելով վերոյիշեալ հանդիսութեան մանրամասնութիւններուն անդրադառնալու համարձակութենէն` ընդգծեմ, որ շատ հոգեպարար պահ մըն էր:

Յաջորդ օրը պատեհ առիթ մըն էր հանդիպելու մեր` Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակը, ուր պիտի հանդիպէի Հայաստան գտնուող վարչական ընկերներէն ոմանց: Առիթ մը պիտի ըլլար զրուցելու, կարեւոր թեմաներ քննարկելու եւ այլն:

Մեր` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը` երաժշտական խումբերու ղեկավար Զաքար Քէշիշեանը, յանկարծ վեր կեցաւ` երթալու Շուշիի վտարանդի «Վարանդա» մանկապատանեկան երգչախումբի ամէնօրեայ փորձին:

Ընկերս` Զաքարը ինք հիմնադիրն ու ղեկավարն էր «Վարանդա»-ին, որ կը պատրաստուէր իր երկրորդ ելոյթը ունենալու Երեւանի մէջ, Արցախի հայաթափումէն ետք:

Հաճոյք էր ինծի համար Զաքարին ընկերանալ. ճանապարհին մեր զրոյցը պիտի ընթանար Քեսապի եւ Մուսա Լերան բարբառներով:

Փորձատեղին կը գտնուէր Սայաթ Նովա փողոցին վրայ` Ս. Աննա եկեղեցւոյ կից:

Ճշդուած պահուն սրահին մէջ հաւաքուած էին մօտ 65 մանուկներ ու պատանի-պարմանուհիներ:

Բազմագոյն ու բազմերանգ Արցախը այնտեղ էր: Բազմագոյն, որովհետեւ անոնք տեղահան ըլլալով` կու գային Արցախի զանազան շրջաններէն:

Հաւաքուած ու ապաստանած էին Հայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ` Երեւան, Էջմիածին, Աբովեան, Մասիս, Հրազդան, Աշտարակ եւ այլուր:

Այժմ սրահին մէջ հաւաքուած էին` գալով իրենց նոր ապաստանավայրերէն. եկած էին երգ ու երաժշտութեան փորձի, ամոքելու համար իրենց սրտախոց վէրքը` կորսուած Արցախը, մինչեւ պայծառ օր մը կարենային վերադառնալ Արցախի իրենց օրրանները:

Ոմանք եկած էին իրենց ծնողաց հետ: Անոնց դէմքերուն լրջութեան զուգահեռ` գծուած էր պայծառութեան ժպիտը:

Ընկերս զանոնք սաներս կ՛անուանէր:

Այստեղ կարելի է նշել, որ «Վարանդա»-ի Զաքարին սաներէն երէցներէն քանի մը հոգի ինկաւ ու նահատակուեցաւ Արցախի պաշտպանութեան մարտերուն ընթացքին: Իսկ Շուշիի «Վարանդա»-ն իր հայրենիքին` Հայաստանի մէջ այժմ վտարանդի էր:

Երեւանի մէջ «Վարանդա»-ի սաներուն թիւը նուազած էր 65-ի, մինչ Շուշիի մէջ կ՛անցնէր 125-ը:

Ու երգերու փորձը սկսաւ դաշնամուրի նուագակցութեամբ Նադեժդա Յակոբեանի:

Թէեւ ընկերոջս` Զաքար Քէշիշեանին հանդիպած էի քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ, սակայն զինք լաւապէս ճանչնալու առիթը եղաւ 2022-ին, Համազգայինի Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին, որ կը գումարուէր Երեւանի մէջ: Յառաջիկային ծանօթացայ իր մշակութային- երաժշտական գործունէութեան, որ հակառակ իր համեստ նկարագիրին` հարուստ էր:

Այսպէս, ինք հիմնադիրն էր «Կաքաւիկ» մանկապատանեկան երգչախումբին (1988-ին), աւելի ուշ` 1992-ին, կը հիմնէ ու կը ղեկավարէ (ցայսօր) Շուշի «Վարանդա» երգչախումբը: Ապա` 1997-ին Լիբանանի Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան ու «Այգ» երիտասարդական երգչախումբերը:

Տարիներ շարունակ վարած է Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի փոխտնօրէնի պաշտօնը, եւ ուր կը դասաւանդէ ցայսօր, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի պետական երաժշտանոցին մէջ:

Քաջ գիտէի ու կը զգայի ամբողջ էութեամբս, որ սակաւախօս ընկերոջս համար վերոյիշեալներէն Շուշիի «Վարանդա»-ն իւրայատուկ տեղ ու իմաստ ունէր, ուստի նաեւ խոր գուրգուրանք կը տածէր անոր նկատմամբ: Եւ Արցախի հայաթափումէն ետք իսկ ան ամէն տարի կ՛երթայ Հայաստան` իր սրտին ու թեւերուն մէջ հաւաքելու, սիրով ու գուրգուրանքով պարուրելու իր սաները, որոնց թիւը, ափսո՜ս, նօսրացած էր (ինչպէս նշեցի վերը):

Երգչախումբին ելոյթի թուականն ու խորագիրը որոշուած էին: «Երգող Արցախ» սեպտեմբեր 9, իսկ երգացանկը ամբողջութեամբ նորաստեղծ է` հրամցուած Հայաստանի բանաստեղծներուն ու երաժշտահաններուն կողմէ:

Սրահին մէջ, ի տես Արցախի պատանի-պարմանուհիներուն, հոգիս ալեկոծեցաւ: Ես ալ քեսապահայութեան հետ ապրած էի տեղահանութիւն 2014-ին` Քեսապի գրաւման երեք ամիսներուն: Ես ալ իմ համագիւղացիներուս հետ ըմպած էի այդ դառն բաժակէն:

Ապաստանած էինք Լաթաքիա, իսկ մեր  հաւաքատեղին Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցին էր, որ քեսապահայութեան ժամադրավայրն էր: Իսկ եկեղեցւոյ «Գանձասար» եւ «Արարատ» սրահները օթեւաններն էին մօտ 150 քեսապահայերու:

Վերոյիշեալ սրահները, յատուկ կարգադրութեամբ, այդ երեք ամիսներուն քեսապահայ փոքրերու մշակութային պարապմունքերուն վայրն ալ հանդիսացած էին, եւ որոնց հետ կը պարապէին տասնեակէ աւելի երիտասարդուհիներ` անոնց սորվեցնելով երգ ու պար, ասմունք ու թատերական խաղիկներ:

Ու անոնք իրենց սորված բաժիններով ելոյթ ունեցան «Արարատ» սրահին մէջ:

Իսկ եկեղեցւոյ բակը, օթեւանէ ու հաւաքավայրէ աւելի, հոգեկան վերականգնումի ու վերադարձի յոյսի սնուցման վայրը դարձած էր մեզի համար:

Այդ դաժան երեք ամիսներուն պատկերները, ապա Քեսապի ազատագրութեան յուսադրիչ լուրերուն տարափը, այդ ապրումները վերածնան հոգւոյս ու սրտիս մէջ: Սակայն զսպեցի ապրումներս, ես զիս վերամխիթարելով` մտմտացի, որ երեք ամիսներ ետք արդէն վերադարձանք Քեսապ:

Իսկ արցախցիներն ու Արցա՞խը:

Այդ սրահը, ուր կը կատարուէին «Վարանդա»-ի փորձերը, որքա՜ն կը յիշեցնէին ինծի Լաթաքիոյ եկեղեցւոյ շրջափակը. սրահը հոն հաւաքուածներուն յոյսի ճարճատման հնոցը չէ՞ր:

Փորձին մասնակցողներուն շրթներէն թռչած քաղցրահնչիւն այդ երգերը արդեօք թարգմանները չէի՞ն անոնց ջղապիրկ կամքին ու յոյսին` անպայման վերադառնալու Արցախ: Այդ սրահը անոնց հոգեկան վերականգնման կրակատունը չէ՞ր…

Համարեա իր բախտին լքուած, ցիրուցան դարձած արցախահայութեան բազմաթիւ վէրքերուն փոքր սպեղանի մըն էր Երեւանի մէջ հաւաքուած Շուշիի կոտորակուած «Վարանդա» երգչախումբին այդ հաւաքը:

«Երգող Արցախ». «Վարանդա»-ն ունի իր հովանաւորները` Ամերիկայի Արեւելեան Կիլիկեան թեմի առաջնորդարանն ու Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցին:

Իսկ երբ հաւաքական լուսանկար մը ունեցանք երգչախումբին հետ, վերյիշեցի Արցախ այցելութեան առիթով (2019-ին) իմ արձանագրած լուսանկարներս Քարվաճառէն սկսած` Ստեփանակերտ, Շուշին իր եկեղեցիներով ու մանաւանդ Շուշիի խորը ձորն ու անդունդը, ուրկէ Շուշիի ազատագրման լուսաշող օր մը քաջ ազատամարտիկները` մերօրեայ ֆետայիները, գնդակոծումներու ու հրթիռակոծումներու տարափին տակ այդ անդունդէն բարձրանալով` ազատագրած էին Շուշին:

Ապրումներուս պոռթկումը զսպելու համար հարցուցի խմբավար Զաքարին երգչախումբի ելոյթին մասին: Ան իմացուց, որ Երեւանէն դուրս ելոյթներ նախատեսուած են Գիւմրի ու Մասիս քաղաքներուն մէջ եւս:

Սրահէն դուրս եկայ գլուխս ծանրաբեռնուած տարափով մը հարցումներու, որոնց պատասխանները անհասանելի էին ինծի:

Այսպէս, «Վարանդա» երգչախումբին մէկտեղումը սքանչելի ըլլալով հանդերձ, ո՞ւր են ցանուցրիւ դարձած Արցախի մնացեալ մանուկներն ու պատանիները: Ո՞ւր են ողջ արցախահայերը, արցախահայութիւնը, որո՞նք կը զբաղին անոնց կենցաղային, առողջական, տնտեսական ու մանաւանդ հոգեկան բազմատեսակ վիճակներով: Հայաստանի ապազգային իշխանութիւննե՞րը, Հայաստանի անտարբեր հայութի՞ւնը, ուծացման ճանապարհներուն վրայ գտնուող սփիւռքահայութի՞ւնը, թէ՞ մարդկային իրաւունքներէն ու օրէնքներէն գիշեր-ցերեկ ճառող միջազգային ուծացած սնամէջ դարձած կառոյցները…

Երկարատեւ դարձած արցախահայութեան այս տեղահանութեան ընթացքին անոնք պիտի յաջողի՞ն վառ պահել իրենց օրրանը ազատագրելու ու վերադառնալու յոյսը: Համայն հայութեան ո՞ր տոկոսը կը բաժնէ այդ յոյսը…

Մեր սերունդը արժանի է տեսնելու Արցախի վերազատագրութիւնն ու վերանկախացումը: