Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ռոպ Օլիֆանթ մտահոգութիւն կը յայտնէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան սկզբունքներու խախտումներուն մասին
- (0)

Գանատայի խորհրդարանի անդամ, Don Valley West ընտրատարածքի պատգամաւոր եւ Գանատայի արտգործ նախարարութեան խորհրդարանական քարտուղար Ռոպ Օլիֆանթ մտահոգութիւն կը յայտնէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան սկզբունքներու խախտումներուն մասին։ Այս մասին ան x հարթակին վրայ կատարած է գրառում մը, ուր նշած է. «Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը, որոնց կարգին՝ Բագրատ եւ Միքայէլ Արքեպիսկոպոսներու կալանաւորումը, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի դէմ ատելութեան խօսքերու աճը՝ լուրջ մտահոգութիւններ կ’առաջացնեն»։
Ան շեշտած է նաեւ, որ Գանատա կը գնահատէ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը, որ հիմնուած է ժողովրդավարական կառավարման, մարդու իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան անաչառ կիրառմանց նկատմամբ յարգանքի հիման վրայ, ընդգծելով, որ Գանատան վստահ է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը գործեն այնպէս, որ պաշտպանեն այս սկզբունքները։
«Աշխարհի այդ տարածաշրջանին մէջ աճող անկայունութեան ժամանակաշրջանին Հայաստանի ժողովրդավարական առաջընթացը աւելի կարեւոր է, քան երբեւէ՝ իր ժողովուրդին համար», եզրակացուցած է գանատացի պատգամաւորը։