Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Արմէն Կարօ եւ Շաքէ Կէօնճեան կեդրոնի բարենորոգուած շրջափակի բացումը

Կիրակի, 4 Օգոստոս 2025-ին, յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին, տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի Արմէն Կարօ եւ Շաքէ Կէօնճեան կեդրոնի բարենորոգուած շրջափակի բացումը, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Ռաֆֆի Տօնապետեանի, Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հայրենակիցներու:

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Գաթարոյեան, որ ըսաւ. «Աւելի քան տասնեակ մը տարիներ առաջ, երբ մեր կեդրոնի դիմացի այս տունը տրամադրելի դարձաւ, «Միհրան Փափազեան» կոմիտէն քաջ գիտնալով անոր գնման անհրաժեշտութիւնը, առիթը չփախցուց եւ տէր դարձաւ այս կալուածին»:

Ան յիշեց, թէ նշեալ կեդրոնը հաւաքավայր դարձած է մեր գաղութին ծառայող յարակից միութիւններուն, ըսելով. «Կոմիտէութեանս կողքին հոս կը գործեն Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Համազգայինը, ՀՄԸՄ-ը, Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւնները, եկեղեցին ու Առաջնորդարանը՝ իրենց զանազան ծրագիրներով եւ աշխատանքներով»:

Գաթարոյեան յայտնեց, թէ երբ շրջափակը նորոգելու ծրագիրը մէջտեղ բերաւ կոմիտէութիւնը, տիկին Կէօնճեան եւ իր ընտանիքը, ինչպէս միշտ, պատրաստակամութիւն յայտնեցին հոգալու վերանորոգման բոլոր ծախսերը:

Ան շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ նախ Կէօնճեան ընտանիքին, ապա Mr Pergola ընկերութեան տնօրէն Մայք Գարակէօզեանին, որ սիրայօժար կերպով պարտէզին սարփինան նուիրած էր, գործակալութեան ընդհանուր պատասխանատու Կարօ Տժգունեանին, որ կատարեց սարփինայի զետեղումը, կեդրոնի խնամատար Յարութ Սայէղին, օրուան հիւրասիրութիւնը պատրաստող յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ կեդրոնի մուրհակներու բոլոր նուիրատուներուն:

Անկէ ետք տիկին Շաքէ Կէօնճեանի եւ տիար Զաւէն Կէօնճեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ ժապաւէնի հատումը:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»
Լուսանկարները՝ Մայք Թաշճեանի