Ողջերթ Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եկանեանի եւ ընտանիքին

Չորեքշաբթի, 31 մայիսի երեկոյեան, Պոլսահայ միութեան հանդիսասրահին մէջ՝ կազմակերպութեամբ Քեպէգի հայ համայնքի միացեալ մարմինին, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը, մասնակցութեամբ այդ մարմինը կազմող բոլոր (18-20) կազմակերպութիւններու վարչական ներկայացուցիչներու եւ մի քանի այլ ազգայիններու՝ ողջերթ մաղթելու համար ՀՀ արտակարդ ու լիազօր դեսպան Արմէն Եկանեանին, իր կողակցին՝ Մարիա Եկանեանին ու իրենց զաւակներուն։

Երեկոյթը վարեց Միացեալ մարմինի ատենապետ Վիգէն Սարգիսեան։ Ան նշեց թէ, թէեւ այս մարմինը կազմուած է Մեծ եղեռնի 100-ամեակի միասնական յանձնախումբի որպէս շարունակութիւն՝ ազգային ընդհանրական ձեռնարկները կազմակերպելու համար, սակայն Մոնթրէալի մէջ ներգաղութային համագործակցութիւն տեղի ունեցած է 1975-էն ի վեր։

Ապա հանդիսավարը ներկայացուց պարոն դեսպանին ամփոփ կենսագրութիւնը։ Ան յայտնեց որ Արմէն Եկանեան ծնած է Թիֆլիս, յաճախած է Լենինկրատի ու Երեւանի համալսարանները ու մասնագիտացած նոր եւ նորագոյն պատմութեան եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։ Ծառայած է ՀՀ բանակին մէջ։ 1995-էն սկսեալ դիւանագիտական տարբեր պաշտօններ վարած է ՀՀ Արտգործ նախարարութեան, Ռուսական դաշնութեան եւ ԱՄՆ-ի մէջ, իսկ 2011-ին նշանակուած է ՀՀ դեսպան Գանատայի մէջ։ Ան նաեւ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչն է Քաղաքացիական օդագնացութեան միջազգային կազմակերպութեան (ICAO / OACI) մէջ ։ Ամուսնացած է Մարիա Զաքարեանին հետ եւ ունին երեք որդի՝ Գէորգ, Նիկողայոս (Նիկօ) եւ Լեւոն, որոնցմէ առաջինը արդէն կատարեր է իր զինուորական ծառայութիւնը, երկրորդն ալ ընթացքի մէջ է։

Ապա հերթով բեմ հրաւիրուեցան ու իրենց սրտի խօսքը ներկայացուցին Վրէժ-Արմէն Արթինեան («Հորիզոն»), Արթօ Մանուկեան (Թէքէեան մշակութային միութիւն, Մոնթրէալ), Լիոնի Սարմազեան (ՀՄԸՄ-ի շրջանային վարչութիւն), Լեւոն Աֆէեան, Կոմիտաս քհ. Միրզախանեան (գանատահայոց առաջնորդ Աբգար եպ. Յովակիմեանի պատգամը փոխանցելու), Թամար Շահինեան-Փօլատեան («Համազգային»-ի Սանահին մասնաճիւղ), Շահէ Թանաշեան (ՀԲԸՄ Մոնթրէալ), Արմինէ Կարապետեան (ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութիւն), վեր. Յովհաննէս Սվաճեան (Հայ աւետարանական եկեղեցի), Ռաֆֆի Տօնապետեան (ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէ), Գրիգոր Թաթուլեան (ՍԴՀԿ), Արշաւիր Կէօնճեան (ՌԱԿ գերագոյն խորհուրդ), Յակոբ Տէր Խաչատուրեան (ՀՅԴ բիւրօ) եւ Բաբգէն արք. Չարեան (Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ)։

Բոլորն անխտիր շեշտեցին տէր եւ տիկին Եկանեաններու դրական ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը մեր գաղութի նախաձեռնութիւններուն, Հայաստանի, հայ մշակոյթի ու Հայ դատի ծանօթացման անխոնջ հետապնդումը Գանատայի քաղաքական շրջանակներուն ու հասարակութեան մէջ, Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու սերտացումը եւ այլն։

Վերջին խօսքը տրուեցաւ պարոն դեսպանին, որ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց իրենց հանդէպ ցոյց տրուած այս ջերմ վերաբերմունքին համար, մեծապէս գնահատեց գաղութի միասնականութիւնը, արագ ակնարկ մը նետեց անցնող վեց տարիներու կատարուած աշխատանքներուն վրայ ու հաստատեց, որ առաջին օրէն զգաց, որ ինք ոչ թէ փոքրաթիւ անձնակազմ մը, այլ ամբողջ գաղութը ունէր իբր աջակից՝ որպէսզի դեսպանութիւնը իր առաքելութիւնը լաւագոյն ձեւով կարենար կատարել, եւ այդ՝ երեք ճակատի վրայ՝ հայ-գանատական, հայ-թրքական ու հայ-ազրպէյճանական։ Ան թուեց այդ երեք ճակատներուն վրայ մեր ունեցած ձեռքբերումներն ու յաղթանակները։ Աւելի քան երբեք սերտացան Գանատայի ու Հայաստանի թէ՛ քաղաքական, թէ՛ մշակութային եւ թէ՛ տնտեսական կապերը, չէզոքացուեցան հակահայ աշխատանքները։ Ան նշեց, որ Ֆրանսախօսութեան համաշխարհային ղեկավարութեան յաջորդ հանդիպումը 2018-ին տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ։ Տիկին Մարիայի ալ ճիգերով դեսպանատունը մեր տեղւոյն հայ արժանաւոր դէմքերը ա՛լ աւելի ծանօթացուց գանատացիներուն։ Ան յաջողութիւն մաղթեց յաջորդ դեսպանին ու թելադրեց որ գաղութը շարունակէ իր գործակցութիւնը դեսպանատան հետ ու մնայ հայրենիքի շուրջ միասնակա՛մ համախմբուած։

Աւարտին, Միացեալ մարմինին կողմէ Եկանեան ընտանիքին ընծայուեցաւ յիշատակի նուէր մը՝ ինիութ արուեստագէտի մը յօրինած մէկ քանդակը։

Վ-Ա.Ա.

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.