Լոյս Տեսաւ Հերմինէ Աւագեանի «Կապոյտ Տանիքներ» Գիրքը

Հերմինէ Աւագեանի «Կապոյտ տանիքներ» գիրքը ժողովածու մըն է բանաստեղծութիւններու, որոնք ծնունդ առին Արցախի շրջափակման եւ տեղահանութեան օրերուն:

Գիրքին խմբագիրը բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեանն է: Անիկա հրատարակուած է «Արմաւ» հրատարակչութեան կողմէ:

Գիրքին շնորհահանդէսին առիթով խօսքեր արտասանեցին` «Արմաւ» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր, գրականագէտ Արմէն Աւանէսեան, բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեան, գրականագէտ Քնարիկ Աբրահամեան, արձակագիր Ծովինար Խաչատրեան, երիտասարդ բանաստեղծ Արմէն Աւօ, բանաստեղծ Դաւիթ Մշեցի եւ գրականագէտ Նանար Սիմոնեան: Նիւ Եորքի համալսարանի դոկտոր, գրող Հրանդ Մարգարեանի խօսքը կարդաց Սիփան Զադոյեան:

Գրական երեկոյին ընթացքին կարդացուեցան Հերմինէ Աւագեանի բանաստեղծութիւններէն, զորս կարդացին դերասաններ Շողեր Սարգսեան եւ Սիփան Զադոյեան, հնչեցին երգեր` Երեւանի երաժշտանոցի ուսանողներուն կատարողութեամբ:

Ներկայ էին Արցախի ու Հայաստանի գրական ընտանիքներու անդամներ եւ ընթերցողներ:

Նշենք, որ գիրքը Միացեալ Նահանգներու մէջ արժանացած է «Libra 6» գրական մրցանակին, որ ստանձնեց նաեւ գիրքին հրատարակութեան մեկենասութիւնը:

«Ապառաժ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Աւագեան ըսաւ հետեւեալը. «Ես ամէն օր ժամերով կը նայիմ Երեւանի իմ պատուհանէս եւ կը փորձեմ կապոյտին մէջ գտնել մեր գիւղին տանիքները: Եւ կը տեսնեմ զանոնք` կապոյտ, ինչպէս երազանքը, կապոյտ, ինչպէս` վերադարձի հաւատքը եւ խաղաղութեան չմարող ձգտումը… Բացէք գիրքը, եւ տանիքները ձեզի պիտի պատմեն, թէ ի՛նչ կը զրուցէին ինծի հետ…»:

Comments are closed.