Գանձասար Վանքի Բանալիները Յանձնուեցան Վրթանէս Եպս. Աբրահամեանի` Արցախ Վերադարձի Հաւատքով
Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան այցելեց Լոռիի մարզի Տաշիր քաղաք: Այս մասին հաղորդեցին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմէն:
Գուգարաց թեմի առաջնորդ Յովնան եպս. Յակոբեանի օրհնութեամբ եւ «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամի կազմակերպութեամբ, Տաշիրի մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Վրթանէս սրբազանի հանդիպումը արցախցիներուն հետ: Հանդիպումին մասնակցեցաւ Տաշիր քաղաքի եւ յարակից գիւղերու մէջ բնակութիւն հաստատած արցախահայութիւնը:
Վրթանէս սրբազան հարցումներու միջոցով ընդհանուր պատկերացում կազմեց յիշեալ համայնքին մէջ բնակող արցախցիներու կացութեան մասին:
Հանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ հետաքրքրական միջադէպ. Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի բնակիչներէն մէկը մօտեցաւ սրբազանին եւ յանձնեց բանալիներ: Բացայայտուեցաւ, որ վերջինս Գոռ Բաղդասարեանի ընկերն է, որ 1990-ական թուականներուն Գանձասարը պաշտպանողներու շարքին մաս կը կազմէր: 2023 թուականի տարհանման ժամանակ Գոռը իրեն հետ վերցուցած էր Գանձասարի վանքի բանալիները: Հանդիպման ժամանակ անոր ընկերը բանալիները յանձնեց Վրթանէս սրբազանին` յուսալով, որ բոլորը վերստին կը վերադառնան հայրենի Արցախ եւ նոյն բանալիներով կը բանան հնագոյն վանական համալիրին դռները:
Օրուան աւարտին սրբազան հայրը այցելեց Լեռնահովիտ բնակավայրը հաստատուած արցախցի ընտանիքի մը` ծանօթանալու տեղահանուածներու ներկայ իրավիճակին:
Comments are closed.