13 Հոկտեմբերին, ՀՅԴի անդամ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի շիրիմին մօտ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան անդամակցող երիտասարդներու խոստման արարողութիւնը: Այս մասին գրուած է «ՀՅԴ Հայաստան»ի «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ:
«Մէկ տասնեակից աւելի երիտասարդներ, անցնելով օժանդակ շրջան, ծանօթանալով ՀՅԴ պատմութեանը եւ գործունէութեանը` մասնակցել են խոստման արարողութեանը եւ անդամակցել ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեանը: Բարի գալուստ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիք, սիրելի՛ ընկերներ», կ՛ըսուի վերոնշեալ գրութեան մէջ:
Comments are closed.