Մեր նպատակն է՝ ամէն ջանք գործադրել, որպէսզի արցախցին մնայ Հայաստան. ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քեշիշեան

ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քեշիշեան «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցին ընթացքին խօսած է Արցախի բռնի տեղահանութենէն ետք ՀՕՄ-ի կողմէ իրականացած արցախցիներու օժանդակութեան ծրագիրներուն մասին։

Անոր խօսքով՝ արցախցիներու տեղահանութենէն ետք, ՀՕՄ-ի Հայաստանի միաւորը՝ ՀՕՄ-ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղին հետ միասին, աշխարհասփիւռ ՀՕՄ-ի կառոյցներուն հովանաւորութեամբ, մեծ թափով նուիրուած է օժանդակութեան գործին եւ հիմնական կեդրոնացումը արցախցիներուն վրայ էր։ Հայաստանի մասնաճիւղերն ալ իրենց հերթին աշխոյժ կերպով մասնակցած են արցախահայութեան աջակցութեան ծրագիրներուն։

«Առաջին հերթին սնունդով եւ առողջապահական պարագաներով փորձեցինք օգնել։ 11 հազար ընտանիքի այս կամ այն ձեւով օգտակար եղանք։ Անոնցմէ բացի, վերջին պատերազմին զոհուած, Ստեփանակերտի քարիւղի պահեստին պայթումին հետեւանքով մահացած կամ անհետ կորած, կարիքաւոր 827 ընտանիքի 40 հազար դրամի արժողութեամբ սնունդ գնելու կտրօններ տրամադրեցինք, յետոյ այդ կտրօններէն ստացան նաեւ հաշմանդամ երեխայ ունեցող 127 ընտանիք», նշած է Մարօ Քեշիշեանը։ Այժմ բազմազաւակ ընտանիքներու տուեալներ կը հաւաքագրենք, որպէսզի նման ծրագիրներով օժանդակութիւն տրամադրենք։

Տեղահանութենէն ետք ՀՕՄ-ի Հայաստանի միաւորի կեդրոնին կը դիմեն բազմաթիւ արցախցիներ՝ տարբեր խնդիրներով ու հնարաւորինս ՀՕՄ-ը կը փորձէ օգտակար դառնալ հագուստով, սնունդով կամ այլ միջոցներով։

Միաւորը նաեւ հասցէատէրերուն կ’ուղղէ տարբեր բարերարներու ուղարկած նուէրները, նիւթական միջոցները։ «Գորիսի մէջ ապրող 53 ընտանիքի նիւթական օժանդակութիւն տրամադրուած է, զոր փոխանցած էր ՀՕՄ-ի ԱՄՆ-ի Արեւմտեան շրջանը։ Նոյն շրջանին կողմէ տրամադրուած կենցաղային իրերը եւս բաժնած ենք Շիրակի մարզի Ախուրեան եւ Գիւմրի ապրող արցախցիներուն։ Ինչ նուիրատուութիւն որ կը ստանանք, կը փորձենք հասցնել արցախահայութեան, մեր դռները միշտ բաց են անոնց համար», կ’ըսէ ՀՕՄ-ի Հայաստանի միաւորի ատենապետուհին։

Նախքան կենցաղային իրեր յատկացնելը ՀՕՄ-ի Ախուրեանի մասնաճիւղի անդամները այցելած են արցախահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն, գնահատած անոնց կարիքները, ապա տրամադրած համապատասխան օժանդակութիւն. սառնարան, լուացքի մեքենայ եւ այլ կենցաղային իրեր։
Մարօ Քեշիշեան նաեւ յայտնած է, որ Բըրբէնքի ՀՄԸՄ-ի տրամադրած նուիրատուութեամբ եռօրեայ սեմինար կազմակերպած է ՀՕՄ-ը Ջերմուկի մէջ՝ ՀՅԴ ՀԵՄ-ի եւ ԱԵՄ-ի ընկերներուն համար։ «Նաեւ երկու ճամբար կը նախատեսենք կազմակերպել Օգոստոս ամսուան ընթացքին Տաւուշի մարզի Իջեւան եւ Սիւնիքի մարզի Կապան համայնքներուն մէջ, հիմնականօրէն արցախցի երեխաներու համար։ Կը նախատեսենք նաեւ Շիրակի մարզին մէջ ալ կազմակերպել», յայտնած է Մարօ Քեշիշեան։

Խօսելով երկարաժամկէտ ծրագիրներու մասին՝ ան առանձնացուցած է ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան «Յոյսի օճախներ» ծրագիրը։ «Գիւղերուն մէջ տուներ կը գնենք, կը բարեկարգենք եւ կը յանձնենք արցախցի ընտանիքներու։ Գործնական ընթացք ստացած այս ծրագրին առաջին տունը արդէն իսկ պատրաստ է Շիրակի մարզի Ախուրիկ գիւղին մէջ, որ շուտով կը յանձնուի Արցախի Ճարտար քաղաքէն բռնագաղթած բազմանդամ ընտանիքի։ Կ’ուզենք մինչեւ տարեվերջ 10 ընտանիքի տուն տրամադրել», մանրամասնած է ան,- տուեալ ընտանիքը պէտք է 10 տարի ապրի այնտեղ, որմէ ետք տունը արդէն իր սեփականութիւնը կը դառնայ։ Մեր նպատակն է՝ ամէն ջանք գործադրել, որպէսզի արցախցին Հայաստան մնայ, չհեռանայ այստեղէն», աւելցուցած է Մարօ Քեշիշեան։

Տաթեւիկ Աղաջանեան
Արեւմտահայերէնի փոխարկեց Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

Comments are closed.