Լուիս Մորենօ Օքամփոն Աշխարհի Հայերուն Համախմբուելու Եւ Պաքուի Յանցանքներուն Դէմ Արշաւ Սկսելու Կոչ Ուղղեց

Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոն ամբողջ աշխարհի հայերուն կոչ ուղղած է համախմբուելու եւ տեղեկատուական արշաւ սկսելու Պաքուի յանցանքներուն դէմ` այս պարունակին մէջ օգտագործելով նոյեմբերին Ազրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան 29-րդ համաժողովը (ՔՈՓ29): Ան այս մասին գրած է բաց նամակ մը, որուն մէջ կը նշուի.

«Հայե՛ր, դուք` վերածնած 1915 թուականի Ցեղասպանութեան մոխիրներէն, կանգնած էք իբրեւ տոկունութեան եւ մարդկային յարատեւ ոգիի վկայութիւն: Այսօր դուք ունիք եզակի ուժ` պաշտպանելու արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը համաշխարհային ասպարէզին մէջ: Դուք կրնաք հանրայնացնել նախագահ Իլհամ Ալիեւի բոլոր չարաշահումները: Ան թիրախաւորած է իր քաղաքացիները Ազրպէյճանի մէջ եւ վայրագութիւններ իրականացուցած հայերուն դէմ Լեռնային Ղարաբաղ/Արցախի մէջ`  միաժամանակ կեղծաւորաբար իր երկիրը յառաջատար ներկայացնելով կլիմայական համաշխարհային քննարկումներու շրջագիծին մէջ:

«Կլիմայի փոփոխութեան հարցերով ՄԱԿ-ի 29-րդ համաժողովը (ՔՈՓ29), որ պիտի կայանայ այս նոյեմբերին Ազրպէյճանի մէջ, բացառիկ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ լոյս սփռելու այս լուրջ անարդարութիւններուն վրայ: Հակառակ անոր որ Ազրպէյճանը այս համաժողովը կը ներկայացնէ իբրեւ «խաղաղութեան համաժողով», սակայն հայերը պիտի բացայայտեն Ալիեւի վարչակարգին եւ անոր գործողութիւններուն մասին ճշմարտութիւնը:

«Դուք, ցրուած ամբողջ աշխարհով մէկ, եզակի կարելիութիւն ունիք պաշտպանելու ոչ միայն ձեր ժողովուրդը եւ ձեր հողը, այլեւ արդարութեան եւ բնապահպանական ամբողջականութեան աւելի լայն շահերը: Դուք կրնաք գլխաւորել համաշխարհային շարժումը եւ ներգրաւել այլ շահագրգիռ համայնքներ` անդրադառնալով մեր ժամանակի երկու ամէնէն հրատապ խնդիրներուն` կլիմայի փոփոխութեան եւ ցեղասպանութեան», նշած է Օքամփօ:

Ան ընդգծած է, որ ՔՈՓ29-ի կայացման ընթացքին զինադադար հաստատելու մասին Ազրպէյճանի առաջարկը դատարկ է, քանի տակաւին Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներն ու միւս քաղաքական բանտարկեալները անվերապահօրէն ազատ չեն արձակուած:

«Բաւարար չէ պարզապէս քննարկել միջազգային իրաւունքի սկզբունքները. անոնք պէտք է աշխուժօրէն կիրարկուին: Հայ համայնքի ղեկավարները եւ քաղաքացիական գործիչները պէտք է համախմբեն աշխարհի քաղաքացիները` լրագրողներէն մինչեւ կլիմայի պաշտպանութեան գործիչներ, միջազգային իրաւունքի սկզբունքները կեանքի կոչելու համար: Օգտագործելով ժամանակակից արհեստագիտութիւնը` դուք կրնաք լսելի դարձնել ձեր ձայնը եւ ապահովել Կլիմայի փոփոխութեան եւ ցեղասպանութեան մասին հռչակագիրներու պահպանումը:

«Ես կը պաշտպանեմ քաղաքացիական շարժումի գաղափարը, որ կը հակասէ կեղծաւորութեան եւ կը պահանջէ իսկապէս խաղաղ ՔՈՓ29: Մեր առաջին քայլն է համախմբել աշխարհի հայ համայնքը եւ սկսիլ տեղեկատուական արշաւ` օգտագործելով #COP29 եւ #StopGreenwashGenocide հեշթեկները, եւ դուք կրնաք աւելցնել #FreeArmenianHostages կամ #FreePoliticalPrisoners հեշթեկները: Անոնց օգտագործումով ընկերային ցանցերու ամէնօրեայ գրառումները թափ պիտի ստանան, պիտի ներգրաւեն այլ համայնքներ եւ պիտի գրաւեն գլխաւոր լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը: Այս համակարգուած ջանքերը ՔՈՓ29-ին մասնակցող լրագրողներուն, պատուիրակներուն եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն պիտի ստիպեն Ազրպէյճանի առջեւ բարձրացնել հայ պատանդներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու վերաբերեալ հարցերը:

Նպատակը պարզ է. ՔՈՓ29-ը, որ իսկապէս հանդէս կու գայ խաղաղութեան օգտին, պէտք է նշանաւորուի Պաքուէն հայ պատանդներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումով: Պատրաստուեցէ՛ք, հայ համայնքնե՛ր, 23 յուլիսին իսկապէս պիտի սկսի խաղաղ ՔՈՓ29-ը:

«Դուք ունիք յանձնառութիւն եւ վճռականութիւն` ղեկավարելու այս փոխակերպիչ շարժումը: Համախմբելով համաշխարհային համայնքները` դուք կրնաք երաշխաւորել, որ ՔՈՓ29-ն անդրադառնայ  ոչ միայն կլիմայի փոփոխութեան, այլեւ պաշտպանէ մարդու իրաւունքները եւ արդարութիւնը:

Հայե՛ր, ժամանակն է ղեկավարելու շարժումը. Օգտագործեցէ՛ք ձեր ձայնը: Ես եւ շատ ուրիշներ պիտի հետեւինք ձեզի», եզրափակած է ան:

 

Comments are closed.