Ամբոխահաճութենէն Եւ Խնամակալութենէն Անդին. Հայաստանի Ազգային Իրապաշտ Այլընտրանքը
ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
Վերջին իրադարձութիւնները մեզմէ շատերը անհանգստացուցած են Հայաստանի անվտանգութեան, ինքնիշխանութեան, ժողովրդագրութեան, տնտեսութեան եւ կառավարման ապագայով։ Աշխարհէն մեկուսացած Հայաստանը ամէն վայրկեան կը գտնուի սպառնալիքի տակ. ներկայիս շատերս արդէն կը գիտակցինք, որ կը գտնուինք հայոց պատմութեան վտանգաւոր խաչմերուկի մը վրայ:
Ձեւաւորուող փոքր ազգերը զարգացման եւ ազգային անվտանգութեան համար ընդհանրապէս ռազմավարական որոշ ծրագրումի կարիք ունին: Ցաւօք, Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը 1991-էն ի վեր չունէր նման տեսլական, ինչ որ առաջնորդեց միայն հակազդեցիկ կառավարման (իր շուրջ կատարուող զարգացումներուն), որ չօգտագործեց մեր ժողովուրդի պատմական կարելիութիւններն ու հնարքնեըը, թէ՛ երկրին եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ:
Ներկայիս (այս ընթացքով) Հայաստանի գոյութիւնը իբրեւ «հայութեան հայրենիք» լուրջ հարցականի տակ է:
Իսկ ազգին դիմագրաւած այս ճակատագրական կացութեան ընդառաջ հայ քաղաքական միտքը ընդհանրապէս անպատրաստ կը թուի ըլլալ, ազգը կը շարունակէ մնալ խոր թմբիրի մէջ, իսկ երկրին իշխանութիւնները՝ արկածախնդրութեան սեմին:
Մեր շուրջ ամէն ինչ փոխուած է:
Համաշխարհային քաղաքական դաշտին մէջ, ինչպէս նաեւ շրջանային մակարդակով, երկար տարիներէ ի վեր, արդէն ամէն ինչ փոխուած է: Մեր հին աշխարհաքաղաքական «ուղղահայեաց բեւեռի» (Ռուսիոյ Դաշնութիւն եւ Իրան) պարզամիտ ենթադրութիւնը այլեւս հիմք չունի: «Դէպի Արեւմուտք» առանձնական առանցքի փորձերն ու ցանկութիւններն ալ անհիմն են:
Ռուսիոյ Դաշնութիւնը այսօր մեր «ռազմավարաան դաշնակիցը» չէ: Մենք այլեւս չենք կրնար պարզամտութեամբ ենթադրել Ռուսիոյ կողմէ հայկական պետական շահի անվերապահ պաշտպանութիւն Կովկասի մէջ: Ինչպէս Արեւմուտքը, նոյնպէս ալ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը ո՛չ Հայաստանի բարեկամն է, ո՛չ ալ թշնամին: Ան ունի իր պետական շահերն ու նախընտրութիւնները:
Միւս կողմէ, Թուրքիա-Ազրպէյճան աճող զինակցութիւնը դուրս կու գայ իբրեւ շրջանային տէրութիւն՝ ունենալով լծակներ թէ՛ Ռուսիոյ եւ թէ՛ Արեւմուտքի վրայ: Աւելի՛ն, թուրանական զարգացող ազգայնականութիւնը «Միջին միջանցքի» միջոցով կրնայ թէականօրէն ամրապնդել թուրանական ազգերուն միջև կապերը եւ ուժեղացնել Թուրքիոյ շրջանային ազդեցութիւնը, Կեդրոնական Ասիայէն մինչեւ Կովկաս եւ Միջերկրական, թէ՛ Կովկասի եւ թէ՛ Իրաքի ճամբով: Վկայ Թուրքիոյ կողմէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան վրայ կատարուած վերջին յարձակումները:
Մինչ այդ Իրանը իր կարգին հանդէս կու գայ իբրեւ Կովկասի աշխարհաքաղաքական սահմաններու եւ Հայաստանի հարաւային սահմանի երաշխաւորը, երբեմն նոյնիսկ սահմանային լուրջ ռազմափորձեր կատարելով:
Սակայն թէ՛ Ուքրանիոյ եւ թէ՛ Կազայի պատերազմները, ինչպէս նաեւ Իրանի ներքին մարտահրաւէրները այսօր զինք կը կաշկանդեն Կովկասի մէջ թուրանական շրջանային գերիշխանութեան նկատմամբ առարկութիւններ ունենալու առումով:
Դրացի Վրաստանը, կարծես իր եւրոպական երազին մէջ կորսուած, օր մը Արեւմուտքի, օր մըն ալ Ռուսիոյ առանցքներուն միջեւ, կը տառապի կայսերական տէրութեան մը մերձաւոր արտասահմանը փոքր ազգի մը բնական ինքնիշխանութեան դժուարութիւններէն, մինչդեռ անոր նաւահանգիստները կը շարունակեն կենսական դեր ունենալ՝ իբրեւ Հայաստանի ծովային առեւտուրի միակ ուղիները:
2022 թուականի փետրուարին Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ ռազմական գործողութեան սկիզբէն ետք Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութիւնը (եւ մասնաւորապէս Ֆրանսան) ՕԹԱՆ-ի հետ միասին Մոսկուայի հետ «մրցակցային համագործակցութենէն» անցան վերջինիս նկատմամբ «զսպման» քաղաքականութեան մը Կովկասի մէջ։ Այս քաղաքականութեան բերմամբ հաւաքական Արեւմուտքը Կովկասի մէջ աշխուժացած է։ Բայց կարծես Արեւմուտքը աւելի շատ շահագրգռուած է շրջանին մէջ Ռուսիոյ ռազմական եւ քաղաքական ազդեցութեան նուազեցումով, քան Հայաստանի ազգային անվտանգութեան յուսալի երաշխիքներ տրամադրելով կամ Ազրպէյճանի առաւելապաշտական փառամոլութիւններու արգելակումով: Արեւմուտքը կը փորձէ (2018-ին ժողովուրդի զայրոյթը շահագործած) ձախողած իշխանութեան մը միջոցով զարգացնել այն միտքը, որ այժմ հասած է շրջանի աշխարհաքաղաքական համածինութեան եւ ազատական խաղաղութեան ժամանակը: Սակայն Կովկասի խճանկարը բազմերանգ է՝ Իրաքի, Սուրիոյ, Լիպիոյ, Աֆղանիստանի (եւ մինչեւ օրս Ուքրանիոյ) մէջ ձախողած Արեւմուտքին համար:
Ընդհանուր առմամբ, Թուրքիան, Ռուսիան, Ազրպէյճանը եւ Իրանը բոլորն ալ համամիտ են, որ Արեւմուտքը քիչ ազդեցութիւն ունենայ կովկասեան շրջանին մէջ (իւրաքանչիւրը իր պատճառները ունենալով):
Անդրկովկասի մէջ տեղի կ՛ունենայ շրջանային անվտանգութեան վերականգնում: Յարաբերութիւններու այն ձեւաչափերն ու ձեւերը, որոնք երէկ անփոփոխ կը թուէին հայ քաղաքական միտքին համար, այժմ կը փոխակերպուին եւ կը վերագնահատուին: Շրջանին մէջ աւանդաբար գործուն դերակատարներու կողքին ի յայտ կու գան նաեւ նոր դերակատարներ՝ իրենց տենչերով եւ ապագայ կովկասեան գաղափարներով (ուժանիւթի նոր խողովակաշարներ եւ առեւտրական ուղիներ), որոնք կու գան (զիջող կամ բաղձալից) անկարող հայ քաղաքական միտքը ցնցելու:
Խնդրական Հայ Քաղաքական Վերնախաւը
Ազգ-պետութիւններու քաղաքական վերնախաւերը ընդհանրապէս զգալի ազդեցութիւն ունին ազգի մը քաղաքական ընթացքին վրայ՝ քաղաքականութեան ձեւաւորումով, միջոցներու վերահսկումով եւ հիմնական հասարակական շահեր ներկայացնելով:
Տարիներ շարունակ Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը իր ազգային քաղաքականութիւնը փորձեց ապահովել էականօրէն գերուժ պետութենէ մը կախուածութեան եւ անոր խնամակալութեան միջոցով՝ երկիրը անխուսափելի խոցելիութեան հասցնելով։ Իսկ 2018-էն ետք, «յեղափոխական պատրուակով» յայտնուած նոր վերնախաւ մը, իր անփութութեամբ եւ անհիմն նոր-ազատականութեան հէքեաթներով երկիրը իր կարգին մտցուց ա՛լ աւելի վտանգաւոր ճգնաժամի մը մէջ: Աւելի՛ն՝ վերջին տարիները ցոյց տուին, թէ նոր վերնախաւը ամբոխահաճութեան (փոփիւլիզմի) ճարպիկ գործածութեամբ, երկրին այսօրուան բարդ վիճակին մէջ փորձեց շարժիլ, քաոսային եւ անկայուն քաղաքականութեամբ: Իսկ այսօր, իր քաղաքական ձախողութենէն եւ արցախահայութեան բռնագաղթէն ետք ամէն գինով խաղաղութեան քայքայիչ կեղծ ուսմունքի խօսոյթն է, որ կը փորձէ տարածել: Այն «առասպելաբանական արժեհամակարգը, որ գերիշխանութիւնն ու խաղաղութիւնը կը տեսնէ առանց ազգային ինքնութեան, դիմադրութեան եւ պայքարի» (Կ. Փաշոյեան)։ Ներքաղաքական բեմին վրայ, ժամանակակից Հայաստանի քաղաքական վերնախաւի խօսոյթը այսօր կը բնութագրուի պարզունակ «արեւմտամէտ եւ ռուսամէտ» կամ «նախկիններ եւ նորեր» տեսակէտներուն միջեւ խիստ տարանջատումով, ուր շեշտը կը դրուի կեղծ օրակարգերու վրայ (օրինակ՝ ազգային անվտանգութիւն եւ/կամ ինքնիշխանութիւն, ազգային եւ ապազգային գաղափարախօսութիւններ եւ այլն ): Այս միջավայրին մէջ հասարակական կարծիքը կարծես կը ձեւաւորուի մրցակցող խօսոյթներու միջոցով, որոնք յաճախ կ՝ուժեղանան «տարբեր արտաքին հզօր դերակատարներու» կողմէ: Բազմաթիւ «չղեկավարներ» մեր հարցերուն լուրջ հասցէատէրը ընդհանրապէս «ժէխ հասարակութեան» մօտ կը փնտռեն: Շան գլուխը սակայն հոն չէ թաղուած, այլ անիկա Գ. հանրապետութեան երկարաշունչ հիմնական շահերուն հետ չառնչուող խնդրական հայ քաղաքական վերնախաւին մօտ պէտք է փնտռել: Այն խնդրական վերնախաւը, որ մինչեւ մեր այսօրուան ճգնաժամային օրերը կը շարունակէ անձնական եւ հաւաքական պետական շահերը իրարու հետ շփոթել:
Հայաստանի Ճգնաժամը Եւ Մարտահրաւէրը
Հայաստանը կանգնած է ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներու առջեւ: Ներքին առումով մտահոգիչ են անմիաբանութեան, առաջնորդութեան բացակայութեան, ազդու դիւանագիտութեան, ռազմական ռազմավարութեան եւ ընդհանրապէս քաղաքական իրապաշտ վճռականութեան վերաբերեալ բացթողումները:
Արտաքին, շրջանային աշխարհաքաղաքականութեան սպառնալիքները (ինչպէս վերը յիշեցի) լրացուցիչ դժուարութիւններ կը ստեղծեն: Արտաքին այս մարտահրաւէրներուն այսօր կ՛աւելնան ներքին մարտահրաւէրները՝ աւելի դժուարացնելով անոնց յաղթահարումը։
Այսօրուան հայկական ճգնաժամը խորքային է։ Անոր արմատները կը գտնուին ոչ միայն իրերայաջորդ 4 իշխանութիւններուն նկատմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդի հիասթափութեան մէջ, այլ նաեւ ընդհանրապէս հայ քաղաքական միտքի (եւ վերնախաւի) պարզամիտ ենթադրութիւններուն եւ անոնցմէ բխած խախուտ հիմքերուն վրայ Գ. հանրապետութեան իրենց ինքնամփոփ մօտեցման մէջ։ միայն 44-օրեայ պատերազմին պարտութեան եւ ներկայ իշխանութիւններու կործանիչ քաղաքականութեան պատճառով չէ, որ ազգն ու երկիրը հոս հասան։ Այդ պարտութիւնը ցոյց տուաւ, թէ որքա՛ն անատակ էին մեր պետութեան հաստատութիւնները եւ ընդհանրապէս մեր ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: Այսինքն՝ որքա՛ն թերի էին յաջորդական կառավարութիւններուն աշխատանքը եւ մեր պետական մտածելակերպը: Որքա՛ն թերի էր նաեւ ընդհանրապէս «հաշտարար» հայ քաղաքական միտքը, որ քաջ գիտնալով մեր կարողականութեան ինչ ըլլալը , տարինե՛ր գինով մնաց եւ թերագնահատեց «երկգլխանի թուրանական վիշապը»: Աւելի՛ն, հայ պետական միտքի անպատասխանատուութեան նշոյլները ոչ թէ 44-օրեայ պատերազմէն ետք «յետպատերազմեան հետաքննող յանձնախումբի մը մէջ չտեսանք», այլ կարծես Կարսի մեր յայտնի պարտութեան նման, ազգային յարմար ուրացման արժանացան: Ինչպէս անցեալին Կարսի պարտութիւնը ունեցաւ իր խոր հետեւանքները, այսօր ալ արցախեան ճակատի պարտութիւնը պիտի ունենայ իր երկարատեւ հետեւանքները:
Հայաստանի մարտահրաւէրը երկրին սպառնացող արտաքին անվտանգային կացութիւնը յաղթահարելն է: Ոչ պատերազմ եւ ոչ խաղաղութիւն միջավայրին մէջ շարունակել զարգանալն է: Գերպետութիւններու միջեւ տագնապներու ծիրին մէջ խոհեմօրէն եւ անտեղիտալիօրէն «հայկական պետական շահը» փնտռելն է:
Բայց ինչպէ՞ս պայքարիլ եւ գոյացական մարտահրաւէրը դիմագրաւել, երբ ժողովուրդը հիասթափուած է այսօրուան նեխած քաղաքական մշակոյթէն: Զինք շարունակաբար խաբած հայ «աւագանի»-էն: Եթէ ժողովուրդը չտեսնէ փայլուն, իրապաշտ եւ վստահելի այլընտրանք, յետպատերազմեան ճգնաժամը շատ հաւանաբար շարունակուի: Եւ այս իշխանութիւնը (եւ իր ընդդիմութիւնը) քաղաքական դաշտը գրաւելով կ՝երկարէ հայութեան յետպատերազմեան ճգնաժամը:
Իսկ քաղաքական այլընտրանքը «Մաշտոցի երազ»-ին նման չի յայտնուիր, այլ պէտք է համակարգուի լուրջ եւ լայն քաղաքական միաւորի մը միջոցով: Ան պէտք է լրջօրէն պատրաստուի յաջորդ ընտրութիւններէն առաջ։ Եւ սա մե՛ծ աշխատանքի կը կարօտի։ Հիմնական աշխատանքը «չղեկավարներու միջեւ քոալիսիոն պաշտօններ բաշխելը» չէ, այլ ամբոխահաճութենէն եւ խնամակալութենէն անդին, Հայաստանի ազգային իրապաշտ այլընտրանքային քաղաքականութեան մշակումն ու զայն իրակացնելու ատակ խումբը մէջտեղ բերելն է:
Բաւական չէ միայն զիջողական եւ համակերպող քաղաքական ընթացքը այպանել քաղցած ստամոքսով աղքատ քաղաքացիին դիմաց: Այս միջավայրին մէջ է, որ կեղծ պատմութիւններ (narrative-ներ) կը ստեղծուին (Հայ քաղաքացին ընդդէմ ազգային անվտանգութեան շահ, կամ «հայրենիքի/ազգայինի» միտքը «պետութեան» դէմ):
Այս «հակադրութիւնը նիկոլականութիւնը յաջողեցաւ ստեղծել, որովհետեւ նախկին իշխանութիւնները հասարակութեան ընկերա-տնտեսական խնդիրներուն կարեւորութիւն չտուին» (Հ. Չոպայեան): ճգնաժամը միայն արտաքին քաղաքականութեան ուղղուածութեան կապուած չէ: Մարտահրաւէրը աւելի շուտ համապարփակ ազգային զարգացման եւ անվտանգութեան ուղի մշակելն է՝ համահունչ հայկական արեւելումով օժտուած հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեան մը հետ: Ինչ որ կարելի է:
Հայաստանի քաղաքական այլընտրանքը լայն քաղաքական միաւորի մը միջոցով համադրելու համար, հայ քաղաքական միտքը պէտք ունի հիմնական ազգային համաձայնութեան (consensus) մը լայն քաղաքական spectrum-ի մը մէջ, ինչ որ հմտութեան եւ ժամանակի կը կարօտի, ինչպէս նաեւ առողջ և իրատես ազգային տեսլականի: Այլըտրանքային այս օրակարգը այսօր պէտք է պատասխաններ տայ ընդհանրապէս մեր շարունակ անտեսուած գոյութենական հիմնահարցերուն (տես՝ Հրայր Պալեանի մտքերը հոս): Սակայն հիմնականին մէջ կարելի է կեդրոնանալ հետեւեալին վրայ. Ինչպէ՞ս արագ մշակել/իրագործել Հայաստանի յատուկ «ոզնիական պաշտպանութեան վարդապետութիւն մը (տոկտրին)» արտաքին գրոհի դէմ ինչ-որ ձեւով զսպում իրականացնելու համար: Ինչպէ՞ս մշակել/իրագործել համապարփակ ազգային զարգացման ծրագիր մը «ոչ պատերազմ եւ ոչ խաղաղութեան» միջավայրին մէջ՝ կանխելով արտագաղթը, իրապաշտօրէն զարկ տալով հայրենադարձութեան եւ ճշդելով Հայաստանի տեղը շրջանի եւ աշխարհի մէջ: Ինչպէս մշակել/իրագործել հայկական արեւելումով օժտուած հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն մեզ շրջապատող աշխարհաքաղաքական տուայտանքին մէջ: Եւ վերջապէս, ինչպէ՞ս մեզի հակադրուող (բայց մշտապէս դրացի) թուրանական երկիրներուն հետ փորձել հետապնդել փոխադարձ իրապաշտ եւ խաղաղութեան օրակարգ:
Առանցքային այս հարցումներուն պատասխանները չունիմ, բայց վստահ եմ, որ հայ ժողովուրդը պատասխաններ գտնելու միջոցները ունի: Այսօր հայ քաղաքական միտքը նոր «միտքի դպրոց»-ի մը կարիքը ունի: Ազգային տարբեր հիմնաւորումներու եւ հայեացքներու միջեւ բանավէճերու, որոնք կրնան իրար լրացնել եւ վերջաւորութեան ազգային համաձայնութեան մը (national consensus) հասնիլ այս բարդ հարցերուն պատասխաններ տալու համար:
Եզրակացութիւն
Եզրափակելով կ՛ուզեմ շեշտել, որ ո՛չ «դըմպ դըմպ հու»-ով եւ ո՛չ ալ «հուրա ազգայնականութեամբ» կարելի է մեր պետութեան առջեւ կուտակուած մարտահրաւէրները դիմագրաւել: Ո՛չ ալ նաեւ՝ Հայաստանը «վիլայէթ»-ի կամ «կուպերնիա»-ի մը վերածելու վասալամիտ միտքերը հետապնդելով: Հայաստանի վիճակը, անկասկած, մարտահրաւէրներով լի է, բայց ան առանց տարբերակներու չէ։
Արդի հայ քաղաքական միտքի երկու հիմնական նպատակները պէտք է ըլլան հայկական պետութեան գոյութիւնը եւ հայութեան «ազգակերտումի» (nation building) երկարաշունչ շարունակական գործը թէ՛ պետութեան եւ թէ՛ հայկական անդրազգին մէջ: Այս երկու նպատակները համահայկական եւ իրար լրացուցիչ ակնոցով պէտք է դիտուին։ Այսօր հայկական ազգ-պետութեան պահպանումն ու գոյութիւնը վերկուսակցական հարց է: Ան կը պահանջէ վերանալ ամէնօրեայ քաղաքական աղմուկէն եւ անդրադառնալ խորքային հարցերու:
Այժմէական բեւեռացուած հայաստանեան քաղաքականութեան ներկայ խճանկարին կարեւոր տարրը, որ կարծես կը պակսի, արդի իրապաշտ ազգայնականութեան գործնական ձեւն ու հարթակն է: Համակարգուած լայն քաղաքական իրապաշտ միաւորի մը հարթակը, որ իր շուրջ կը համախմբէ ազգային համաձայնութեան օրակարգին հաւատացող ուժերը եւ լրջօրէն կը պատրաստուի յաջորդ հերթական ընտրութիւններուն:
Հայաստանի հրատապ իրադարձութիւնները այսօր շատերը կը մղեն «ժամանակ չունինք»-ի խուճապին: Այն խուճապը, որ նոյեմբեր 2020-էն ետք մեզի ոչինչ տուաւ: Ուրիշներ ազգային իմաստաւորման որեւէ փորձ կը նսեմացնեն «հիմա տեսաբանական հարցեր լուծելու պահը չէ» հերքող յայտարարութիւններով: Բայց ինչպէ՞ս պիտի իմաստաւորուի «ազգայինը» եւ ո՞վ պիտի կատարէ այդ աշխատանքը: Ազգայինը Նժդեհներու եւ Արամներու «անճաշակ արձանները կերտելը» չէ, այլ անոնց արդի եւ արժանի ժառանգորդը ըլլալն է այսօրուան ճգնաժամին մէջ: Հոս կախարդական փայտիկներ չկան: Համոզիչ «քաղաքական այլընտրանքներ» պէտք է զարգացնել եւ Հայաստանի գալիք ճարտարապետութեան ռազմավարական ուղղութիւնը ճշդել: Եթէ պէտք է, նոյնիսկ կազմաքանդելով վերջին տասնամեակներու կեղծ ազգ-պետութեան խօսոյթը եւ յետոյ վերաիմաստաւորուելով հայկական առողջ ազգային ուժերու քաղաքական մտքի դաշնակցութեան նոր մտածումներով:
Ամբոխահաճութենէն եւ խնամակալութենէն անդին, կայ Հայաստանի ազգային իրապաշտ այլընտրանք: Ան պէտք է համակարգուի լուրջ եւ լայն նոր քաղաքական միաւորի մը միջոցով: Ժամանակն է վերակառուցելու ներազգային խօսոյթը:
Comments are closed.